«Քաղաքական պատկան ուժերը պարտին վերաշխուժացնել երկրին սահմանադրական բոլոր կառոյցներուն գործունէութիւնը եւ դրական նախանձախնդրութեամբ յաւելեալ լուրջ ճիգեր տանի` հարթելու համար բոլոր արգելքները եւ խոչընդոտները», յայտարարեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի հաղորդագրութիւնը երէկ:
Երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, որ կարդաց հաղորդագրութիւնը, յայտնեց, որ պլոքը, նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, շաբաթական իր հերթական նիստին քննած է երկրին ընդհանուր իրավիճակը, վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Ժողովականները այս առիթով անհրաժեշտ նկատեցին կառավարութեան գործունէութեան վերաշխուժացումը` ազգային անհրաժեշտութիւն նկատելով լիբանանեան կողմերուն միջեւ երկխօսութեան նիստերու վերակենդանացումը: