
ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ, Լիբանանի քաղաքական ընտրանիէն ղեկավար տարրեր, իրենց քուլիսային թէ պաշտօնական հանդիպումներով, երէկ յաջորդաբար երրորդ օրն ըլլալով միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Լիբանանի ոչ նախանձելի կացութեան վրայ:

Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամ միջազգային բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումներու ծիրին մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Նախապէս Սալամ տեսակցած էր Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Քեռնի, Եւրոպական Միութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Լիբանանի զօրակցութեան յատուկ «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի պատուիրակութեան հետ: Սալամ նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ ի պատիւ պատուիրակութեանց նախագահներուն տուած ճաշկերոյթին: Նմանապէս, Սալամ ընդառաջեց Քաթարի իշխանի ընթրիքի հրաւէրին:
Այս իմաստով ուշագրաւ էր Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի զօրակցական կեցուածքը` ի նպաստ Լիբանանի:
Արդարեւ, նախագահ Հոլլանտ հաստատեց, որ մօտալուտ խորհրդակցութիւններու պիտի ձեռնարկէ լիբանանեան տարբեր կողմերու ղեկավարներուն հետ` վերաշխուժացնելու համար երկրին սահմանադրական կառոյցներուն գործունէութիւնը, յատկապէս նախագահի ընտրութեան ամուլ նիստերը արդիւնաւէտ դրական արդիւնքի յանգեցնելու իմաստով: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ խոստացաւ յառաջիկայ նոյեմբերին Լիբանանի զօրակցութեան յատուկ ժողով մը գումարել Փարիզի մէջ` առնչակից կողմերուն մասնակցութեամբ:
Ինչպէս նաեւ ան վերահաստատեց Լիբանանի տնտեսական զօրակցութեան ու յատկապէս բանակի զինման Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը:
Վարչապետ Սալամ երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Նոյն ծիրին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ մասնակցեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի ունեցած քուլիսային խորհրդակցութիւններու մեծ մասին:
Միւս կողմէ, նախարար Պասիլ ընդառաջեց Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակիցներուն` Ճոն Քերրիի եւ Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրին եւ մասնակցեցաւ Սուրիոյ զօրակցութեան միջազգային խմբակի ժողովին, ինչ որ առիթ ընծայեց, որ Լիբանան ինք եւս իր տեսակէտները պարզէ Սուրիոյ զօրակցութեան ճիգերուն առնչութեամբ:
Իսկ ընդառաջելով ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքներու դիմակալման առնչութեամբ հրաւէրին, ուղղուած` Պելճիքայի, Բրիտանիոյ եւ Իրաքի իր պաշտօնակիցներուն կողմէ, նախարար Պասիլ վերահաստատեց Լիբանանի կեցուածքը եւ պահանջեց վերջ տալ ՏԱՀԵՇ-ի աւերիչ ծրագիրին: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց միասնական ճիգերով դիմագրաւելու եւ դիմակալելու ՏԱՀԵՇ-ի այս վտանգը, որմէ անմասն չէ Լիբանան, եւ մինչեւ օրս անոր զաւակները տակաւին պատանդ են ահաբեկչական այդ խմբաւորումին մօտ: «ՏԱՀԵՇ»-ի ոճիրները աւանդական զէնքերէն աւելի վտանգաւոր են, որովհետեւ անոնք կը բռնկեցնեն ընկերութիւնները` թունաւորելով անոնց անդամներուն ուղեղները», ընդգծեց Պասիլ:


