
«Արեգակնային ուժանիւթի արհեստագիտութեանց եւ յարակից սարքերու օգտագործման վերաբերեալ վարժողական այս հարթակը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց ֆրանսական «Ֆազեփ» յայտագիրի նիւթական նպաստին», յայտարարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, Ճարտարարուեստական հետազօտութեանց հիմնարկին մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին:
Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմմանուէլ Պոնի եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութեանց ներկայութեան արտասանած իր խօսքին մէջ, նախարար Նազարեան Լիբանանի ուժանիւթի մարզի բարգաւաճման մէջ հիմնական քայլ նկատեց այս հանդիպումը, որ կու գայ այսօր` չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին Պէյրութի մէջ սկսող ուժանիւթի եօթներորդ հանդիպումի սեմին: «Այդ հանդիպումին ընթացքին մենք լայնօրէն պիտի անդրադառնանք ուժանիւթի մարզի զարգացման ու բարգաւաճման ազգային ծրագիրներուն», ընդգծեց նախարար Նազարեան:
Այս առիթով խօսք առին նաեւ նախարար Հաժ Հասան, դեսպան Պոն եւ այլ անձնաւորութիւններ:


