ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մըր յայտնեց, որ ինք խորհուրդ կու տայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հետ խորհրդակցութիւնները շարունակեն, որովհետեւ անոր գոյութիւնը հիմնական է նախագահական ընտրութեան առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դերակատարութիւնը հիմնական է եւ կարեւոր` նախագահական ընտրութեան եւ երկրին վերաբերող հսկայ համաձայնութիւններուն պարագային:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի, որպէսզի երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները կեանքի կոչուին:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ այն վայրկեանին, երբ Լիբանան կ՛ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը, անոր վրայ պիտի տեղան տնտեսական եւ զբօսաշրջական հսկայ ծրագիրներ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչը յստակ հարուած մըն էր` ուղղուած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան արգելակման:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նպատակը պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը անդամալուծել չէ` յոյս յայտնելով, որ Ազգային ազատ հոսանքի կեցուածքներուն նկատմամբ դրական վարուելակերպ կը ցուցաբերուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ երէկ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց Տըննիէի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ` պահանջելով, որ բանակը կանխարգիլէ այդ արարքները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ այս կամ այն անձնաւորութեան թեկնածութիւնը որդեգրելը չի նշանակեր, որ խնդրոյ առարկայ անձը հանրապետութեան նախագահ կրնայ ընտրուիլ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ 13 հոկտեմբեր 1990-ի յիշատակին առիթով նշեց, թէ օրին սուրիական ուժերուն կողմէ Պաապտայի պալատ մուտք գործելու քայլը կատարուած էր սուրիական-լիբանանեան միացեալ որոշումով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ արաբ ժողովուրդին փրկութիւնը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել միայն սէուտական իշխանութիւններուն վերացումով` աւելցնելով, որ այդ իշխանութիւններուն քայքայումը մօտալուտ է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը կը մեկնաբանէ իբրեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելու նախապատրաստական աշխատանք:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշտին վրայ` աւելցնելով, որ խաղը սկսելու ազդանշանը պիտի տրուի, երբ ան որդեգրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ մեր տագնապներէն դուրս գալու հիմնական ելքերը ազգային համաձայնութիւններն են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար յայտնեց, որ իրենք լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կը գործակցին` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով: Ան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա չէզոք կեցուածք որդեգրած է` նախագահական ընտրութեան իմաստով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններէն յստակ կը դառնայ, որ նախագահական ընտրութեան կայացումը տակաւին հեռու է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց տապալելու սիւննի-շիի գրգռութիւնները հրահրող ամէն տեսակի քայլ, որովհետեւ այդ քայլերուն նպատակն է բոլորիս քանդումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Ֆաթթուշ կոչ ուղղեց արագացնելու նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրելու հանրապետութեան նախագահ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք Սէուտական Արաբիոյ կողմէ կարմիր լոյս մը չեն նշմարեր` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքապետարաններուն, որ սուրիացի գաղթականներուն ապաստանարանները վերադասաւորելու պարագային տեղեակ պահեն ապահովութեան ուժերն ու բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի այցելեց Սուր, ուր յայտնեց, թէ Իտալիա մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանի: Սուրի քաղաքապետ Ապտել Մուհսեն Հիւսէյնիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Մարոթթի բարձր գնահատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրամասին եւ շրջանի բնակչութեան միջեւ:


