Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, ներկայութեամբ` երեսփոխաններ Նաժի Ղարիոսի, Հիքմաթ Տիպի եւ Ապպաս Հաշեմի:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը սկսած է խորհրդակցութիւններու շրջապտոյտի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին համախոհական նախագահ մը ընտրելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերուն մտավախութիւնները:
Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու անկիւնադարձային պահեր, որոնց ընթացքին պէտք է համախոհութիւն գոյացնել:
Իր կարգին, Արսլան ընդգծեց, որ իրենք կը քաջալերեն լիբանանցիներուն միջեւ մերձեցումը եւ յատկապէս կը զօրակցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ մերձեցումին, որ աւելի շօշափելի կը դառնայ, երբ Հարիրի պաշտօնապէս յայտարարէ, թէ ինք կ՛որդեգրէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը:
Արսլան շեշտեց, որ իրենք զօր. Աունի հետ համաձայն են, որ երբ Հարիրի անոր թեկնածութիւնը առաջադրէ, ապա իրենք հանդիպումներ պիտի ունենան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, որպէսզի միասնական ըլլան:
Արսլան կոչ ուղղեց ամրապնդելու երկիրը, որովհետեւ անոր դժուար օրեր եւ պայմաններ կը սպասեն:
Այցելութիւն` Ղովմի Կուսակցութեան
Պասիլ այցելեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ալի Քանսոյի, որուն հետ հանդիպելէ ետք յայտնեց, թէ փոխըմբռնումի տարածութիւնը որքա՛ն լայն ըլլայ, յաւելեալ զարգացում եւ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի:
«Մենք այսօր կը գտնուինք ազգային իսկական միասնականութիւն մը գոյացնելու սեմին», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Քանսօ ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, պայմանով որ երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը կարգաւորուի:
Քանսօ շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու առաջնահերթութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսումին, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան, ընտրական նոր օրէնքին եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման մասին խորհրդակցութիւնները շարունակել: