«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա որոշած է Արսալի եւ Քալամունի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան վերջ տալ` աւելցնելով, որ անցեալ շաբաթավերջին Ապու Պաքր Ռաքքաուիի սպանութիւնը այս շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ:
Նոյն օրաթերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի, որ ծանօթ է Ապու Թաքիէ ծածկանունով, կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան պատասխանատուները մաքրագործելու առումով:
Ըստ «Ախպար»-ին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուած պայքարը հետագային պիտի ընդարձակուի հասնելու համար Միրայի հովիտ, ինչպէս նաեւ Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները: