Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹՐԻՓՈԼԻԻ «Քուալիթի Ին» պանդոկին դիմաց երէկ գտնուեցան երեք ձեռնառումբեր: Բանակը շրջափակեց նշեալ վայրը` ձեռնառումբերը ապահովութեամբ այլ վայրեր փոխադրելու նպատակով: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար խուսափիլ Եմէնի մէջ գործուած սպանդին առումով իրենց պատասխանատուութենէն: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելը` նախքան ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն...

Լիբանանեան Կարգ Մը Ուժեր Կը Դատապարտեն Եմէնի Սպանդը

Լիբանանեան Կարգ Մը Ուժեր Կը Դատապարտեն Եմէնի Սպանդը

Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու գործադիր խորհուրդը երէկ խստիւ դատապարտեց Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի դէմ գործուած սէուտական ռմբակոծումները, որոնք պատճառեցին հարիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ: Խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ սգահանդէս մը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը ամէնէն վայրագ արարքներէն մէկը կը նկատուի, անիկա եմէնցիներուն դէմ գործուած սպանդ մըն է: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ սէուտական վարչակարգը գործած է Եմէնի սպանդը, իսկ Միացեալ...

Պըրրի. «Նկատի Ունենալով, Որ Առաջարկած Ընթացագիծս Չէ Գոհացուցած Քաղաքական Ուժերը, Պիտի Նստիմ Եւ Դիտեմ»

Պըրրի. «Նկատի Ունենալով, Որ Առաջարկած Ընթացագիծս Չէ Գոհացուցած Քաղաքական Ուժերը, Պիտի Նստիմ Եւ Դիտեմ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը սպասէ, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս որդեգրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութեան նպատակով: «Ոչ մէկ նախաձեռնութիւն պիտի առաջադրեմ` նկատի ունենալով, որ առաջարկած ընթացագիծս չէ գոհացուցած քաղաքական ուժերը: Հետեւաբար պիտի նստիմ եւ դիտեմ», ըսաւ ան: Պըրրի յայտնեց, որ ինք...

Արսալի Մէջ.  ՏԱՀԵՇ-ի Պատասխանատուներէն Ապու Պաքր Ռաքքաուիի Դիակը Գտնուեցաւ

Արսալի Մէջ. ՏԱՀԵՇ-ի Պատասխանատուներէն Ապու Պաքր Ռաքքաուիի Դիակը Գտնուեցաւ

Արսալի մէջ երէկ գտնուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Ապու Պաքր Ռաքքաուիի դիակը: «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ռաքքաուի սպաննուած է Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ: Նշենք, որ երեսունամեայ Ապու Պաքր Ռաքքաուիի դէմ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները արձակած են մահապատիժի վճիռ: Ռաքքաուի եղած է Արսալի մէջ ահաբեկչական բջիջներու պատասխանատուն, ան նախաձեռնած է Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդի նիստին ընթացքին տեղի ունեցած պայթումը, Արսալի հրապարակին վրայ իր զաւակներուն...

Զաայթեր. «Պըրրիի Դէմ Ամբաստանութիւնները Կը Միտին Զայն Թիրախ Դարձնել»

Զաայթեր. «Պըրրիի Դէմ Ամբաստանութիւնները Կը Միտին Զայն Թիրախ Դարձնել»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ ամբաստանութիւնները քաղաքական յայտարարութիւններ են, որոնք կը միտին զայն թիրախ դարձնել: Ան շեշտեց, որ Պըրրիի դերակատարութիւնը մնայուն կերպով եղած է միասնականացնել լիբանանցիները եւ փրկել քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կացութիւնը: «Այս ընթացքը կ՛ապացուցէ, որ Պըրրի երբեք չ՛արգելակեր երկրին ընթացքը, յատկապէս այս փուլին պարագային», ըսաւ ան:

Էլիաս Սքաֆի Մահուան Ա. Տարելից.  «Ժողովրդական Պլոք Կուսակցութիւնը Կը Զօրակցի Բաց Քաղաքականութեան Եւ Համամասնական Դրութեամբ Ընտրական Օրինագիծին»   Շեշտեց Միրիամ Սքաֆ

Էլիաս Սքաֆի Մահուան Ա. Տարելից. «Ժողովրդական Պլոք Կուսակցութիւնը Կը Զօրակցի Բաց Քաղաքականութեան Եւ Համամասնական Դրութեամբ Ընտրական Օրինագիծին» Շեշտեց Միրիամ Սքաֆ

Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ժողովրդական պլոք կուսակցութեան հիմնադիր Էլիաս Սքաֆի մահուան Ա. տարելիցը: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ յայտնեց, որ Ժողովրդական պլոք կուսակցութիւնը միշտ միասնական պիտի մնայ, ինչպէս Սքաֆ ընտանիքը: Ան նշեց, որ Ժողովրդական պլոքի որոշումը ազատ է եւ անոր աղբիւրը ժողովուրդն է, որովհետեւ ան միշտ նեցուկ կանգնած է մեզի: Սքաֆ յայտնեց, որ իրենց...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն Ուղղուելու Խորհրդարան Եւ Սահմանադրութեան Համաձայն Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն Ուղղուելու Խորհրդարան Եւ Սահմանադրութեան Համաձայն Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ, որ անցեալ չորեքշաբթի օրուան Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին յայտարարութիւնը քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն ուղղուած կոչ մըն է, որուն հիմքը երկրին սահմանադրութիւնն է: Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին արծարծուած թղթածրարները չեն կրնար նախագահական ընտրութեան իբրեւ ելք ծառայել, հետեւաբար երեսփոխաններէն կը պահանջուի սահմանադրութեան համաձայն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ մեկնեցաւ Ռիատ: ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նախաձեռնած է այդ յայտարարութիւնը հրապարակելու, որովհետեւ Լիբանանի սպառնացող վտանգը շօշափելի է: Խօսելով Պքերքէի եւ Այն Թինէի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին` Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ յարաբերութիւնները հեզասահ են` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի կատարած այցելութեան ընթացքին յստակացումներ կատարուած են: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ...

Պքերքէի Մէջ .  «Կը Մերժենք Հանրապետութեան  Նախագահը Կաշկանդող Որեւէ Պայման»  Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Պքերքէի Մէջ . «Կը Մերժենք Հանրապետութեան Նախագահը Կաշկանդող Որեւէ Պայման» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ գործուղուած  ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ երկրին տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին վատթարացումին ի տես, անհրաժեշտ էր հրապարակել նման ամբողջական հաղորդագրութիւն մը: Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ Ռայի...

Պըրրի. «Ներկայիս Ոչ Մէկ  Նորութիւն Ունիմ Փոխանցելիք»

Պըրրի. «Ներկայիս Ոչ Մէկ Նորութիւն Ունիմ Փոխանցելիք»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Լասըն յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին վերակառուցման համար 12 միլիոն եւրօ յատկացուցած է: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ եւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ:...

Ճենթիլոնի Իր Հիացմունքը Կը Յայտնէ  Սուրիացի Գաղթականները Հիւրընկալելու  Լիբանանի Կարողութեան Նկատմամբ

Ճենթիլոնի Իր Հիացմունքը Կը Յայտնէ Սուրիացի Գաղթականները Հիւրընկալելու Լիբանանի Կարողութեան Նկատմամբ

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակից Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին քաղաքական լուծում մը ապահովել: Իր կարգին, Ճենթիլոնի յայտնեց, որ վերջին տարիներուն Լիբանան ամբողջ աշխարհը զարմացուցած է սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու իր կարողութեամբ: Ան...

Տըրպաս Թրիփոլիի Մէջ Աշխատանքային  Շրջապտոյտ Մը Կ՛ունենայ Շորթըրի Հետ

Տըրպաս Թրիփոլիի Մէջ Աշխատանքային Շրջապտոյտ Մը Կ՛ունենայ Շորթըրի Հետ

Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս երէկ Թրիփոլիի մէջ աշխատանքային շրջապտոյտ մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ: Տըրպաս յայտնեց, որ Շորթըրի այցելութեան նպատակն էր Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդել: Իր կարգին, Շորթըր հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի ապահովութեան եւ բարգաւաճման: Վարչապետարանին Մէջ Միւս կողմէ, Տըրպաս նախանցեալ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին մասնակի կամ ամբողջական մասնակցութիւն չկայ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նախանցեալ օրուան նիստին արդէն իսկ մասնակցած է: Ան մաղթեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները հեռու պահուին նախարարաց խորհուրդի աշխատանքներէն: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ շրջանին մէջ ամէն բան յետաձգուած է մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն ետք: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան...

Կառավարութեան Որոշումով Ֆուատ  Այուպ Նշանակուեցաւ Լիբանանեան  Համալսարանի Նախագահ

Կառավարութեան Որոշումով Ֆուատ Այուպ Նշանակուեցաւ Լիբանանեան Համալսարանի Նախագահ

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հըզպալլայի նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ եւ Հիւսէյն Հաժ Հասան, ՀՅԴ-ի նախարար Արթիւր Նազարեան, ինչպէս նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներ Էլիաս Ապու Սաապ եւ Ռոնի Արայժի: Շուրջ 5 ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ նիստին սկիզբը վարչապետ Սալամ դարձեալ պահանջած է...

«Փողոցներուն Մէջ Դիզուած Աղբը  Պուրճ Համուտի Թափօններու  Թաղման Վայր Մուտք Պիտի Չգործէ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Փողոցներուն Մէջ Դիզուած Աղբը Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայր Մուտք Պիտի Չգործէ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ մտածեն կամ որոշեն փողոցներուն մէջ դիզուած աղբերը Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր փոխադրել, ապա փողոցները պիտի փակենք քաղաքապետութեան ոստիկաններով: Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ փողոցներուն մէջ դիզուած եւ չտեսակաւորուած աղբը Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր մուտք պիտի չգործէ: Ան կոչ ուղղեց պետութեան որդեգրելու վարչական ապակեդրոնացումի...

Մուսթաքպալ Պլոքը Ողջունեց Մարոնի  Եպիսկոպոսներու  Խորհուրդին Յայտարարութիւնը

Մուսթաքպալ Պլոքը Ողջունեց Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին Յայտարարութիւնը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն աւարտին պլոքը ողջունեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին յայտարարութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութիւն կատարել առանց նախապայմանի: Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ սահմանադրութեան կառչած մնալը երկրին հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու միակ ելքն է: Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:...

Քարամէ. «Պըրրի Դրական Է Եւ Պատրաստ`  Քննարկելու Նախագահական Ընտրութեան  Վերաբերող Որեւէ Առաջարկ»

Քարամէ. «Պըրրի Դրական Է Եւ Պատրաստ` Քննարկելու Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Որեւէ Առաջարկ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի բարգաւաճման վերաբերող շարք մը հարցեր: Ան հաստատեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումին ընթացքին մնայուն կերպով դրական երեւոյթներ կը քննարկուին, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր տագնապներուն: «Պըրրի դրական է եւ պատրաստ` քննարկելու նախագահական ընտրութեան վերաբերող որեւէ առաջարկ», ըսաւ Քարամէ: Ան հաստատեց, որ եթէ փաթեթային եզրը ոմանց...

Ազզամ Ահմետի Գլխաւորած  Պատուիրակութեան Այցելութիւնները

Ազզամ Ահմետի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Այցելութիւնները

Ֆաթհի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետի գլխաւորութեամբ պաղեստինեան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց ապահովական կառոյցներու պետերուն եւ բանակի հրամանատարին, որոնց հետ քննարկեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող կացութիւնը: Այս այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ Ահմետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր, այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովական կացութիւնը,...

Ռաատ. «Հաւատադրժողական  Ահաբեկչութիւնը  Իսրայէլացիներուն Միւս Երեսն Է»

Ռաատ. «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը Իսրայէլացիներուն Միւս Երեսն Է»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Մուհամետ Ռաատ Նապաթիէի Քֆար Ռմման գիւղաքաղաքին մէջ Աշուրայի սգահանդէսի մը ընթացքին շեշտեց, որ թշնամի իսրայէլացին չի կրնար Լիբանանի դէմ մղուելիք հաւանական պատերազմին իր յաղթանակը երաշխաւորել: «Իսրայէլացիներուն պատրաստուածութիւնը տակաւին չէ ամբողջացած, եւ անոնք լաւ գիտեն, որ մենք` իբրեւ Դիմադրութիւն, կը զօրանանք ուժով, զէնք-զինամթերքով, մարզումներով եւ նոր զինատեսակներով, որոնք տակաւին չեն օգտագործուած` ցոյց տալու համար մեր...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Համաձայնեցանք Բոլոր Լիբանանցիներուն  Միասնականութեան Կարեւորութեան Շուրջ»  Շեշտեց Քաակ

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Համաձայնեցանք Բոլոր Լիբանանցիներուն Միասնականութեան Կարեւորութեան Շուրջ» Շեշտեց Քաակ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակը` քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումով: Քաակ հաստատեց, որ իրենք համաձայնած են բոլոր լիբանանցիներուն միասնականութեան կարեւորութեան շուրջ: Քաակ շնորհակալութիւն յայտնեց միւֆթի Տըրիանին անոր ունեցած դրական դերակատարութեան առիթով, ինչպէս նաեւ անոր իմաստուն կեցուածքին համար` նկատի ունենալով...

Page 794 of 986 1 … 793 794 795 … 986

Արխիւներ