
Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդը երէկ «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ մեկնարկը կատարեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ ծորած քարիւղի վտանգին առաջքը առնելու ազգային ծրագիրին:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք, Քարիւղի մարզի տնօրինման խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման գրասենեակի պատասխանատուներ:
Ա. Նազարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ քարիւղի մարզը բոլոր երկիրներուն համար բարգաւաճում ապահովող կարեւորագոյն մարզն է` աւելցնելով, որ այդ երկիրներն ու պետութիւնները պէտք է նկատի ունենան այդ մարզին պատճառելիք հաւանական վտանգները եւ կանխարգիլեն զանոնք:
Նախարար Նազարեան նշեց, որ քարիւղի մարզին պատճառած վտանգներէն գլխաւորը ծովուն մէջ ծորած քարիւղն է, որուն առաջքը չառնելու պարագային անիկա կենսոլորտին, բնակչութեան եւ ընդհանուր առողջութեան վրայ կրնայ ահաւոր ազդեցութիւն ունենալ:
Նախարար Արթիւր Նազարեան շեշտեց, որ այս ծրագիրը կը ճշդէ նման վտանգները կանխարգիլելու ընդհանուր գիծերը, ինչպէս նաեւ կը ճշդէ կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւն հաստատելու չափանիշներն ու տուեալ շրջան մը կենսոլորտային եւ տնտեսական առումով նման վտանգէ մը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Ա. Նազարեան ընդգծեց այդ ծրագիրը գործադրելու իմաստով բոլոր կողմերուն միջեւ համագործակցութեան յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը:


