Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահի Ընտրութեան Առումով Հըզպալլայի Կեցուածքը Կը Մնայ Անփոփոխ» Հաստատեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

October 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nasrallah-tv-4-2_101116

Աշուրայի սգատօնին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցած սուգի երեկոյին:

Աշուրայի ողբի 10-րդ գիշերը սովորական օր մը չէր Հըզպալլայի համակիրներուն համար, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցին իրենց առաջնորդը, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան:

Սէյիտ Նասրալլա նախ եւ առաջ ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան ողբի գիշերներուն`  յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն, որոնք հսկեցին մասնակցող քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Իր արտասանած խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ շրջանի տագնապներուն` կեդրոնանալով յատկապէս Սուրիոյ պատերազմական վիճակին, Եմէնի մէջ տիրող կացութեան եւ Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներուն պատճառով Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման առիթը կորսուած է եւ շրջանը կ՛ուղղուի դէպի լարուածութեան մագլցում»: Շեշտելով Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց դաշնակիցներուն կողմէ հաւատադրժողական ուժերուն սատարելու յստակ երեւոյթը, սէյիտ Նասրալլա ողջունեց Սուրիոյ ժողովուրդը եւ ըսաւ. «Եթէ հաւատադրժողական ուժերուն դէմ ձեր դիմադրութիւնը չըլլար, եթէ չըլլար սուրիական բանակին ցուցաբերած դիմակայումը, Սուրիան պիտի ըլլար նոր Աֆղանիստան մը, ուր մարդիկ առանց որեւէ նկատառումի զիրար պիտի սպաննէին»:

Շարունակելով խօսիլ սուրիական տագնապին մասին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն հրահրել սուրիական դաշտը, եւ այս պատճառով ան մօտիկ ապագային որեւէ լուծում չի տեսնուիր շրջանին մէջ: «Ասիկա կը ծառայէ միայն Իսրայէլի շահերուն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Անցնելով Եմէնի մէջ տիրող կացութեան` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը լուսարձակի տակ առաւ 8 հոկտեմբերին Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեամբ դաշինքին կողմէ կատարուած օդային հարուածները, որոնց  պատճառով արձանագրուած էր աւելի քան 140 զոհ` դատապարտելով գործադրուած ոճիրը եւ անոր հեղինակները:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ Սէուտական Արաբիան եւ իր գլխաւորած դաշինքը Եմէնի մէջ պարտութեան պիտի մատնուին, շնորհիւ Եմէնի դիմադրող եւ աննահանջ ժողովուրդին` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիան յայտնուած է ներքին, տնտեսական եւ քաղաքական բարդ հարցերու դիմաց, որոնք իրենց անդրադարձը պիտի ունենան այդ երկրին կառուցուածքին եւ ամբողջականութեան վրայ:

Անդրադառնալով Լիբանանի ներքին քաղաքական հարցերուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ Հըզպալլան նախանձախնդիր կը մնայ Լիբանանի ներքին ապահովութեան կայունութիւնը պահպանելու: Սէյիտ Նասրալլա անդրադառնալով յատկապէս վերջին շրջանին Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հարցով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած նախաձեռնութեան եւ նոյն հարցով երկրին մէջ տիրող աշխուժ մթնոլորտին` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ըսաւ. «Նախագահի ընտրութեան առումով Հըզպալլայի կեցուածքը կը մնայ անփոփոխ»:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածութիւնս Պիտի Պահեմ, Նոյնիսկ Եթէ Մէկ Զօրակից Ունենամ» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Յաջորդը

25 Հոկտեմբերին. «Ֆրանս Ֆութպոլ»-ը Պիտի Ներկայացնէ Ոսկի Գնդակին Թեկնածուները

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.