ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Զղարթայի Մըրիաթա շրջանին մէջ ձերբակալեց 16 սուրիացիներ, որոնք անձնական փաստաթուղթեր չունէին, ինչպէս նաեւ գրաւեց 5 մոթորսիքլեթներ: Միւս կողմէ, բանակի զօրամաս մը Թըպպանէի մէջ ձերբակալեց երկու յանցագործներ եւ անոնցմէ գրաւեց ձեռնառումբեր:
ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ մայրուղիին վրայ երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին գտնուած է 61 տարեկան մարդու մը դիակը եւ զայն տեղափոխելու աշխատանքը երթեւեկի ահաւոր խճողում պատճառած է առաւօտեան ժամերէն մինչեւ կէսօր:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի տագնապի լուրջ հանգրուան մը, որուն անկարելի է լուծումներ գտնել միայն երկկողմանի համաձայնութեամբ եւ փոխըմբռնումով: Ան ընդգծեց լիբանանեան ազգային համախոհութեան գոյացման անհրաժեշտութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ իսլամականութիւնը ահաբեկչութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի եւ ոչ մէկ առնչութիւն կրնայ ունենալ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ հանդիպելէ ետք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն բան կրնայ սկսիլ նախագահական ընտրութեամբ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին, որ ամբողջ շրջանը քանդուի եւ քարուքանդ ըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի համար կարեւոր է լուծել նախագահական ընտրութեան տագնապը` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ճիգերը ընթացքի մէջ են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը յանգիլը կարելի է եւ կամք կ՛ենթադրէ: Ան յայտնեց, որ իրենք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին առիթ կու տան, որ իր նախաձեռնութեան ընդմէջէն նպաստէ նախագահական ընտրութեան կայացման:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ կատարուելիք խորհրդակցութիւններուն աւարտէն ետք կարելի պիտի ըլլայ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մասին տեսակէտ մը կազմել: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Հարիրի ոչ ոքի թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը բոլոր հարցերուն լուծման միակ միջոցն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ ոչ մէկ շարժում պիտի կատարուի, մինչեւ պաշտօնական մակարդակի վրայ նախագահական նոր իրականութեան գոյացումը:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի նախկին նախագահ Խալիլ Իպրահիմ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ Լիբանանին` աւելցնելով, որ ապահովական ուժերուն եւ կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը անհրաժեշտ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Սալեհ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ կը փափաքի ունենալ իր շահերուն ծառայող ընտրական օրէնք մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ
նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդհանուր արժեւորում մը կը կատարէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը նախագահ ընտրելու առումով` աւելցնելով, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին կրնան զարգացումներ արձանագրուիլ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լաւատեղեակ է վտանգներուն առկայութեան մասին եւ անոր առաջադրած նախաձեռնութիւնը կ՛ենթադրէ երկիրը յուզող քաղաքական տագնապէն դուրս գալ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները անկախ գործունէութիւն չունին, այլ` անոնք քաղաքական իշխանութիւններուն լուծին ենթակայ են:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ խորհրդարանը օրէնսդրական նիստ մը գումարէ` երկրին կարիքները հոգալու համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գործակցութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ իրենք նոյն կեցուածքը կը բաժնեն, այն իմաստով, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին պէտք է անպայման վաւերացուի ընտրական նոր օրէնք մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Հըզպալլա տակաւին պատրաստ չէ նախագահական աթոռի թափուր դրութեան վերջ տալու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ օրէնսդրական նիստի մը գումարումը անհրաժեշտ է` մշակելու համար ելեւմուտքի յատուկ օրէնքներ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ ըսաւ. «Ո՛վ կ՛երեւակայէ, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կրնայ յետս կոչել իր թեկնածութիւնը, պէտք է իմանայ, որ ինք Ֆրենժիէն չի ճանչնար»:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր Սէուտական Արաբիայէն ոչ մէկ նորութիւն բերած է` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերեալ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, սէուտական ղեկավարութիւնը լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ պիտի չդառնայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Թեհրան չ՛աճապարեր Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով լուծումներ սահմանելու: