Ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին իրավիճակը:
Պուխարի Պասիլին յանձնեց երկու նամակներ, որոնցմէ առաջինը Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններէն ուղղուած էր Պասիլի, իսկ երկրորդը` Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրէն: