Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շարունակեց Ընդունիլ Շնորհաւորութիւնները, Ինչպէս Նաեւ Հանդիպումներ Ունեցաւ Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

November 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_cypriot_greek_foreign_ministers_110916

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարներ Նիքոս Քոցիասը եւ Լոանիաս Քասուլիտեսը, ներկայութեամբ` ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումին ընթացքին Քոցիաս եւ Քասուլիտես Յունաստանի եւ Կիպրոսի նախագահներուն շնորհաւորութիւնները յայտնեցին նախագահ Աունին` անոր ընտրութեան առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ միացեալ հարցերը, եւ ընդգծուեցաւ այդ հարցերը լուծելու նպատակով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց բոլոր մարզերուն մէջ եռակողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ սուրիացի գաղթականներու չարչարանքին վերջ տալու առումով:

aoun_bou_saab_110916

Նախագահ Աուն ընդունեց ընթացաւարտ կառավարութեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ֆուատ Այուպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան համալսարանին կարիքները:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանը բարգաւաճեցնելու, անոր դերակատարութիւնը հզօրացնելու, ինչպէս նաեւ անոր գումարներ ապահովելու իր կամքը հաստատ է, հակառակ այն իրականութեան, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական ահաւոր կացութիւն` անոր պետական պիւտճէին մէջ արձանագրուած նիւթական բացին եւ կուտակուած արտաքին պարտքերուն պատճառով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան իւրայատուկ երկիր է, որովհետեւ հոն գոյութիւն ունին երկխօսութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը:

«Նախապէս Լիբանանը վերածած են տագնապներու տարրալուծարանի մը, սակայն այսօր մենք փորձարկումի վայր չենք այլեւս եւ մեր տագնապները քայլ առ քայլ պիտի լուծենք», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլոր համալսարաններուն քաղաքական դաստիարակութիւնը ներառելու ընտրովի դասապահերու շարքին` դիտել տալով, որ անիկա ազգային կարիքի վերածուած է:

Նշենք, որ Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ գործող անձնական համալսարաններու մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի նախագահ հայր Ուալիտ Մուսայի, որ շնորհաւորեց հանրապետութեան նախագահը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր` ընդգծելով, որ համալսարանները պատրաստ են ամէն իմաստով ծառայելու երկրին անկախութեան եւ ընկերային ու տնտեսական կայունութեան, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ընդգծեց համալսարաններու դերակատարութեան կարեւորութիւնը` երիտասարդներուն քաղաքական դաստիարակութեան մէջ: Ան անհրաժեշտ նկատեց այդ դաստիարակութիւնը` երկրին ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու առումով:

Նախագահ Աուն հաստատեց քաղաքականացած երիտասարդութիւն ունենալու, «հայրենիքին անդամակցելու», Լիբանանի բազմազանութիւնը պահպանելու եւ հանդուրժողականութեան անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Շուէտի նախագահ Քարլ Կիւսթաւի, Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Հասան Ուաթարայի, Չիլիի նախագահ Միշել Պաշլէ Ժերիայի, Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրպոսքայթի, Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհանսի, Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի, Պանկլատեշի նախագահ Մոհամետ Ապտել Համիտի, Պահրէյնի վարչապետ Պան Սալման Ալ Խալիֆայի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Իրինա Պոքովայի կողմէ:

Նախորդը

Պասիլ Իր Կիպրացի Եւ Յոյն Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.