Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Իր Կիպրացի Եւ Յոյն Պաշտօնակիցներուն Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

November 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_cypriot_greek_foreign_ministers_110916

Ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարներ Նիքոս Քոցիասը եւ Լոանիաս Քասուլիտեսը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Անոնք քննարկեցին նաեւ շրջանային եւ միջազգային հարցերու մասին իրենց արտայայտած տեսակէտները, յատկապէս Միջին Արեւելքի զարգացումներուն առումով եւ համաձայնեցան, որ Միջին Արեւելքը շրջան մըն է, ուր կարելի է բազմաթիւ առիթներ ստեղծել` ծառայելու համար անոր ժողովուրդներուն շահերուն:

Հանդիպումը հաստատեց նաեւ, որ շրջանային երկխօսութիւնը կրնայ նպաստել Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի յարաբերութիւններուն ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնումը եւ փոխադարձ զօրակցութիւնը ընդգծելու շարունակականութեան` նկատի ունենալով, որ անոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին շրջանին կայունութեան ապահովումին մէջ:

Նախարարները համաձայնեցան շրջանին բազմազանութիւնը պահպանելու եւ ազգային համերաշխութիւնն ու գոյակցութիւնը քաջալերելու շուրջ: Անոնք նաեւ շեշտեցին, որ անիկա միակ ձեւն է ժողովրդավարութիւնը եւ բարգաւաճումը պահպանելու:

Նախարարները քննարկեցին նաեւ գաղթականներու աննախընթաց հոսքին հարցը` շեշտելով, որ այդ տագնապին լուծումը միացեալ պատասխանատուութիւն է, որուն լուծման մէջ իր ներդրումը պէտք է ունենայ նաեւ միջազգային ընտանիքը:

Յունաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարները հաստատեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Լիբանանին քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակութիւն ապահովելու համար. անոնք աւելցուցին, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու տագնապին միակ լուծումը անոնց ապահով տունդարձն է:

Ապա մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ հանդիպումը կը միտի երեք երկիրներուն համար միացեալ հարցեր նկատուող ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, գաղթականներու գոյութեան եւ բնական հարստութիւններու, ինչպէս` կազի եւ քարիւղի պահպանումին շուրջ գործակցելու:

Պասիլ յայտնեց, որ այս հանդիպումը պիտի շարունակուի երեք յաջորդական ժողովներով: Անոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիպրոսի մէջ, ուր պիտի քննարկուի կրթական մարզին մէջ գործակցութիւնը, յատկապէս համալսարաններու միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնը, երկրորդը պիտի գումարուի Աթէնքի մէջ, ուր պիտի քննարկուին զբօսաշրջական եւ մշակութային մարզերու միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, իսկ երրորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ, ուր պիտի քննարկուի գաղութներու հարցը` նկատի ունենալով, որ Կիպրոս եւ Յունաստան իրենց կարգին ունին արտերկրի քաղաքացիներ:

Պասիլ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը` աւելցնելով, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական կազի եւ քարիւղի արտահանման իմաստով արձանագրուած իւրաքանչիւր վայրկեանի յապաղում զուտ լիբանանեան պատասխանատուութիւն է:

Քոցիաս ըսաւ, որ քննարկուած են երեք երկիրներուն միջեւ արձանագրուելիք ապագայ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Քոցիաս ընդգծեց շրջանին մէջ համերաշխութեան եւ համայնքներու ու ժողովուրդներու գոյակցութեան կարեւորութիւնը` դրուատելով Լիբանանի կառավարութիւնը կազմելու ճիգերը:

Քասուլիտես յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ իրենց կատարած այս այցելութիւնը կը զուգադիպի Լիբանանի ապրած պատմական օրերուն, երբ երկարատեւ թափուր դրութենէ ետք երկիրը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ մը եւ կը պատրաստուի կազմելու նոր կառավարութիւն: Քասուլիտես զօրակցութիւն յայտնեց Պասիլի գործնական որոշումներուն` ընդգծելով, որ Կիպրոս նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Նշենք, որ Պասիլի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Լրջութիւն Կայ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շարունակեց Ընդունիլ Շնորհաւորութիւնները, Ինչպէս Նաեւ Հանդիպումներ Ունեցաւ Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.