Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դատական Իշխանութիւնները Ամէն Գնով Պէտք Է «Ազատագրել» Քաղաքական Կողմնակալութենէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

November 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_iravapanner_111016

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` սենտիքայի նախագահ Անթոնիօ Հաշեմի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սենտիքային աշխատանքները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն պարզած իրավիճակը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները ամէն գնով պէտք է «ազատագրել» քաղաքական կողմնակալութենէ` ընդգծելով, որ երկրին տարբեր հաստատութիւններուն միջեւ պէտք է ստեղծել հզօր կապեր, ինչպէս նաեւ ամրապնդել փոխադարձ գործակցութիւնը:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ որեւէ երկիր վարկաբեկումի հանգրուան մը չ՛ապրիր, բացի երբ անոր հաստատութիւնները կը տապալին:

«Ո՛վ որ իրաւունքի համար կը պայքարի, պէտք է իմանայ, որ հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութիւնը կը վայելէ: Ես անձամբ իրաւունքի համար պայքարողին նեցուկ պիտի կանգնիմ», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան դիտել տուաւ, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ իրականացնելու համար իր արտասանած երդման ճառը` աւելցնելով, որ պետական հաստատութիւններուն հետ գործակցութիւնը որքա՛ն հեզասահ ըլլայ, բարեկարգումը այդքան արագ կ՛արձանագրուի:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Բ. Աֆրամ պատրիարքը, որ շնորհաւորեց զայն` նախագահ ընտրուելուն առիթով եւ իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց հանրապետութեան նախագահին:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ մարոնի համայնքի Սայտայի եւ Պէյթէտտինի առաջնորդ Էլիաս Նասսար եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Մարոնի միաբանութեան աբբահայր Տաուտ Ռաայտի:

Նախագահ Աուն ընդունեց երեսփոխան Խալետ Տահերը, որ շնորհաւորեց նախագահ Աունը եւ անոր հետ քննարկեց Աքքարի կարիքները:

Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի: Քննարկուեցան բանակին կարիքները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով կատարուելիք զինուորական տողանցքին պաշտօնական հրաւէրը փոխանցեց նախագահ Աունին:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Թրամփը

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Պէտք Է Լուծուի Խաղաղ Ճամբով» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.