Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդակցութեան Միջոցներու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Շարունակեց Քննարկել Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Եւ Անոր Վերաբերող Դատական Հետապնդումները

Նոյեմբեր 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliamentary_meeting_111016

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նախագահեց յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ ընթացաւարտ կառավարութեան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի, ինչպէս նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆատլալլա շեշտեց, որ յանձնախումբը կը շարունակէ կատարեալ պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ քննարկել ապօրինի համացանցի թղթածրարը, որպէսզի կարելի ըլլայ համապատասխան արդիւնքներու յանգիլ:

Ֆատլալլա յայտնեց, որ համացանցի ապօրինի օգտագործումով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարելու մասին հետաքննութիւնները եւս կը հետապնդուին դատական իշխանութիւններուն կողմէ:

Ան ընդգծեց, որ ոչ մէկ պարագայի կարելի պիտի ըլլայ այս թղթածրարին վերջ տալ կամ զայն մոռացութեան ենթարկել:

«Կը հաստատենք, որ երկրին տարբեր իշխանութիւններուն միջեւ այս թղթածրարը հետապնդելու առումով հեզասահ գործակցութիւն կայ եւ ոչ մէկ կերպով կարելի պիտի ըլլայ աշխատանքը ձգձգել», շեշտեց ան:

Իր կարգին, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ շեշտեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ապօրինի համացանցին գծով գրաւուած սարքերուն վերաբերեալ հետաքննութեան նախնական արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ անոնց միջեւ լրտեսում չէ կատարուած:

Համմուտ յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները ոչ մէկ ձեւով կը զլանան իրենց հետաքննութիւններուն մէջ` աւելցնելով, որ իրենք այս թղթածրարին հետապնդումը կատարեալ լրջութեամբ կը կատարեն:

Հարպ յայտնեց, որ ինք յաջորդ կառավարութեան չ՛ուզեր մաս կազմել` աւելցնելով, որ երեսփոխանական յանձնախումբերուն որոշումներուն ինք յանձնառու կը մնայ` յարգելով պետական հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան սկզբունքը:

Ան նշեց, որ ինք կառչած կը մնայ այն թղթածրարներուն, որոնք բացուած են եւ որոնց դէմ ինք խախտումներ վկայած է:

Հարպ յայտնեց, որ իր բացած թղթածրարները կը վստահի հաղորդակցութեան միջոցներու յաջորդ նախարարին` ընդգծելով, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է գիտնալ, թէ ո՛վ հաշուետուութեան կը կանչէ եւ ո՛վ կը գողնայ:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Լիբանանը Արտերկրի Բոլոր Լիբանանցիներուն Մօտեցնելը Մեր Հիմնական Պատասխանատուութիւնն Է»

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Թրամփը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?