Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու Փաղանգաւոր կուսակցութեան որոշումը կախեալ է նախարարաց խորհուրդի կազմութեան աշխատանքի եղանակէն` աւելցնելով, որ եթէ նպատակը քաղաքական բոլոր ուժերուն համահաւասար մասնակցութիւնն է եւ բոլորին միջեւ յարգանքի պահպանումը, ապա իրենք պատրաստ են գործակցելու եւ ծառայելու Լիբանանին:
Ժեմայէլ ըսաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան իրաւունքն է մասնակցիլ կառավարութեան` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անակնկալներու անձնաւորութիւնն է, զօրաւոր նկարագիրի տէր մարդ է եւ անոր խօսքը դրական է ու այլախոհական: