Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Ամէնէն Կարեւոր Բաղադրիչը Ճշգրիտ «Նշանառութիւն»-ն Է»

November 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hariri_jumblat_111016

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ առաւօտեան կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը ճշգրիտ «նշանառութիւն»-ն է»:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը քննարկելու շրջագիծին մէջ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Մարուան Համատէի եւ ներկայութեամբ` նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական ներկայ իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ այս այցելութեան մասին «Ժումհուրիա» օրաթերթը գրած էր, թէ Ժոմպլաթ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է օժանդակելու վարչապետ Հարիրիին` կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը դիւրացնելու նպատակով:

Իսկ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ժոմպլաթ յայտնած է, թէ ինք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատկանող երկու նախարարութիւններէն մէկը պիտի յատկացնէ երեսփոխան Մարուան Համատէի, իսկ միւսը հաւանաբար տրամադրէ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի:

Միւս կողմէ, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն օգտուելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան պատմական առիթէն եւ ներքին լիբանանեան կացութիւնը ամրապնդելու` կառավարութեան կազմութեան ընդմէջէն:

Ժոմպլաթ մերժեց քաղաքական որոշ կողմերու կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահը լիբանանեան արտադրութիւն է` ըսելով, որ չկայ նման բան եւ օր մը օրանց չէ պատահած, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը զուտ լիբանանեան որոշումով ընտրուի` առանց շրջանային եւ միջազգային հաւանութեան:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ նշեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երրորդ անգամ ըլլալով անկարելի է երկարաձգել` աւելցնելով սակայն, որ թեքնիք երկարաձգում մը կրնայ պատահիլ, որպէսզի ընտրութիւնները 2017 մայիսին փոխարէն սեպտեմբերին կատարուին:

 

 

Նախորդը

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստը Կը Քննարկէ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութիւնը, Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Եւ Կապոյտ Գիծի Խախտումները

Յաջորդը

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կոչ Կ՛ուղղեն Արագացնելու Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.