Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսէլի Մէջ. Պասիլ Եւրոպական Միութեան Հետ Լիբանանի Գործակցութեան Առաջնահերթութիւններուն Փաստաթուղթը Կը Ստորագրէ

Նոյեմբեր 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_mogherini_111516

Ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, ուր Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Ճոհաննես Հանի հետ ստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ Լիբանանի գործակցութեան առաջնահերթութիւններուն փաստաթուղթը:

Փաստաթուղթին հիման վրայ Եւրոպական Միութեան եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւն կը կատարուի, Եւրոպական Միութիւնը երկխօսութիւն կրնայ կատարել նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ, շրջանին մէջ Լիբանանի իւրայատուկ դերակատարութիւնը պէտք է պահպանուի եւ զայն ներկայացուի իբրեւ ուսանելի օրինակ, Եւրոպական Միութիւնը կը հաստատէ, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը կարելի է լուծել միայն անոնց տունդարձով, Եւրոպական Միութիւնը գաղթականներուն օժանդակութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան ազգային տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան ծրագիրներուն նպաստելու ընդմէջէն, Լիբանանի ենթակառոյցը բարելաւող ծրագիրներուն կ՛օժանդակեն, ինչպէս նաեւ քարիւղի եւ բնական կազի հարստութիւններուն մասին խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ, վերջապէս` Եւրոպական Միութիւնը կը խոստանայ Լիբանանին ամէն իմաստով օժանդակել` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին նպաստելու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր երդման ճառին մէջ հաստատած է, որ Լիբանան ինքզինք զերծ պիտի կացուցէ արտաքին հարցերէն եւ պիտի որդեգրէ լիբանանեան ազգային շահերը ապահովող արտաքին քաղաքականութիւն:

«Մեր շահերուն կը ծառայէ, որ Լիբանանի կողքին գտնուի ամբողջական Սուրիա մը` իր գերիշխանութեամբ, հողային ամբողջականութեամբ, ժողովրդավարութեամբ, ազգային ինքնորոշման իրաւունքով եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն զերծ ըլլալու իրականութեամբ, որպէսզի այդ կազմակերպութիւնները Լիբանանի համար սպառնալիք չդառնան», ընդգծեց Պասիլ:

Պասիլ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրուած փաստաթուղթը պիտի նպաստէ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումին ու տնտեսական մարզին բարելաւումին:

Իր կարգին, Մոկերինի շնորհաւորեց Լիբանանը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առիթով եւ դիտել տուաւ, որ անիկա քաղաքական բոլոր ուժերուն առիթ մըն է` շինիչ երկխօսութիւնը շարունակելու:

Մոկերինի ընդգծեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ կայացնել երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան արաբական առաջին երկիրն է, որ Եւրոպական Միութեան հետ այս փաստաթուղթը կը ստորագրէ:

Մոկերինի նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան մասնակից պիտի դառնայ Սուրիոյ ապագան կերտելու նպատակով ենթահող մը պատրաստելու եւրոպական ջանքերուն:

Միւս կողմէ, Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ:

Էյրօ լիբանանցիները շնորհաւորեց զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առիթով` շեշտելով, որ նախագահական ընտրութեան քայլը դրական մթնոլորտ առթած է եւ երկրին լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:

Էյրօ հաստատեց, որ Փարիզ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին եւ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի տնտեսական եւ բարգաւաճման կարողութիւնները զարգացնելու կարելիութիւններուն:

Իտալացի իր պաշտօնակիցին` Փաուլօ Ճենթիլոնիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ կառավարութեան` լիբանանեան բանակին 3,5 միլիոն տոլարի արժողութեամբ օժանդակութիւն տրամադրելու համար: Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան-Իտալիա երկկողմանի գործակցութիւնը պիտի շարունակուի:

Իր կարգին, Ճենթիլոնի շնորհաւորեց Պասիլը` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կայացման առիթով:

 

 

Նախորդը

Սամեհ Շուքրի Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

Յաջորդը

Հարիրի Թարապէյէն Ստացաւ Արաբական Դրամատուներու Համադաշնակցութեան Խորհրդաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?