Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ ոչ ոք պիտի կարենայ Դիմադրութիւնը ետ մղել` իսրայէլեան ծրագիրներուն դէմ դնելու իր առաքելութենէն:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը երկրին եւ տնտեսութեան վերադարձուցած է վստահութիւնն ու կայունութիւնը:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը յաջորդ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին պիտի ըլլայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ երբ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմուի, ապա մենք պիտի ըլլանք այդ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն շարքին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկրին երակներուն մէջ կեանք ներարկած է եւ փրկուելու յոյս տուած լիբանանցիներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ երկրագործութեան նախարարութիւնը պէտք է ուժային նախարարութիւն նկատել` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը երկրագործները չի յարգեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չի փափաքիր, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ միագոյն, այլ կ՛ուզէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ մաղթեց, որ լիբանանեան նոր իշխանութիւնը երկրին ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու իսկական առիթ մը ըլլայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի աստիճանաբար նոր վարչակարգ մը ունենալու սեմին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը ջանայ ունենալ կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն քաղաքական բոլոր կողմերը, նոյնիսկ անոնք, որոնք անոր դէմ կեցած են:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կատարեալ դրականութեամբ պիտի մասնակցի յաջորդ կառավարութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խալետ Տահեր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու պիտի մնայ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ երկրին նոր իշխանութիւնը պիտի յաջողի իր առաքելութեան մէջ` աւելցնելով, որ Լիբանան կը գտնուի լաւ օրերու դիմաց:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառավարութեան մէջ Մարատա հոսանքին մասնակցութիւնը վեթոյի չ՛ենթարկեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ կարգ մը թղթածրարներու շուրջ գոյութիւն ունեցող «ականներ»-ը կարելի է «վնասազերծել» կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին ընդմէջէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պատրաստելու առումով ոչ մէկ դժուարութիւն կամ խոչընդոտ պիտի արձանագրուի: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք չէ ուշանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուէր մութ փապուղիի մը մէջ, սակայն վարչապետ Սաատ Հարիրի լուսաւորած է իրենց ճամբան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յստակ նախարարութիւններ չէ պահանջած` աւելցնելով, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները կատարեալ լրջութեամբ կը շարունակուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ հաւանական լարուածութիւնը, բանավէճերն ու տարակարծութիւնները միայն տեղեկատուական մարզին երեւակայութիւնը կը նկատուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարելի չէ մէկ կամ երկու օրէն կազմել` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութիւնը երկար պիտի չտեւէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասըն յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 12 միլիոն եւրօ տրամադրած է` պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանի վերանորոգութեան համար:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ է, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ուժային նախարարութիւն մը պիտի յանձնուի:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ճնշումներ պիտի չբանեցնէ կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային ծրագիրին իմաստով, այլ հեզասահութեամբ պիտի գործակցի քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սաատ Հարիրի կը գործէ իբրեւ վարչապետ եւ ան պէտք է գոհացնէ լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի մէկ նախարարի պատճառով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ պիտի չգժտուին:

 

Նախորդը

Թրամփի Նախագահ Ընտրութեան Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

«Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Թուրքիոյ Կայունութենէն Կախեալ Է» Շեշտեց Էրճիյէշ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.