Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Կարգ Մը Կողմերու Դրած Նախապայմաններուն. Լուրջ Ճիգեր Կառավարութեան Մօտալուտ Կազմութեան Առնչութեամբ

Նոյեմբեր 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

saad-hariri_111416

31 հոկտեմբերի նախագահական ընտրութենէն ի վեր ժողովրդային, ինչպէս նաեւ տեղական թէ արտաքին քաղաքական շրջանակներու հայեացքները կեդրոնացած են սահմանադրական կարեւորագոյն յաջորդ հանգրուանին` կառավարութեան կազմութեան վրայ եւ այս գծով ճիգերը արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած են: Արդարեւ, երկրի եօթը գլխաւոր համայնքներու եւ գործօն ուժերու ներկայացուցիչներ սերտ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենան պատկան կողմերուն հետ` իրենց բաժինը ունենալու նախատեսուող կառավարական կազմին մէջ: Առ այդ, խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են 24-էն 30 հոգինոց կառավարութեան կազմութեան շուրջ, ուր պիտի ներկայացուին կողմերը ըստ սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն: Այս գծով ցարդ դրսեւորուած կեցուածքները դրական են կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան գծով, հակառակ կարգ մը կողմերու այս կամ այն նախարարական պաշտօնին գծով դրած իրենց նախապայմաններուն: Լաւատեղեակ աղբիւրներու կարծիքով, կառավարութեան կազմութիւնը օրերու հարց է եւ խիստ հաւանական է, որ 22 նոյեմբերի անկախութեան տօնը նշուի նորակազմ նախարարաց խորհուրդին մասնակցութեամբ:

Իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով` նոր կառավարութիւնը պիտի ըլլայ կարճատեւ  եւ անոր հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մշակումն ու երեսփոխանական ընտրութեանց նախապատրաստութիւնը: Յունիս 2017-ին կ՛աւարտի ընթացիկ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը, եւ կողմերը գրեթէ միաձայնութեամբ համամիտ են խորհրդարանական նոր ընտրութեանց կայացման` ամէն գնով մերժելով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան  անգամ մը եւս երկարաձգումը:

Այս եւ յարակից հարցեր կառավարութեան կազմութեան ճիգերու կողքին  արծարծուեցան երէկ կէսօրէ ետք նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Վարչապետ Հարիրի նախագահին փոխանցեց ցարդ իր ունեցած խորհրդակցութեանց արդիւնքները խնդրոյ առարկայ զանազան կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Պաապտայի պալատի աղբիւրներ դրական որակեցին տեսակցութեան մթնոլորտը:

Դէպքերու հոլովոյթին հետեւող մեկնաբաններու կարծիքով, նախագահ Աուն նախանձախնդիր է կառավարութեան կազմութեան ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին` նշելով, որ Աուն ոչ մէկ վեթօ կամ նախապայման կը դնէ կազմութեան գծով` առաջնակարգ հրամայական նկատելով սահմանադրական այս խիստ կարեւոր հանգրուանի իրագործումը: Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի կը փորձէ միջին լուծում գտնել` փորձելով հարթել ցցուող խոչընդոտները: Այս ծիրին մէջ ան Մաարապ գործուղեց երէկ իր գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրին եւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրին:

 

Նախորդը

Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգի Սկզբնաւորման 20-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Յաջորդը

«Կը Պահանջենք Լիբանանահայութեան Ճշգրիտ Եւ Արդար Ներկայացուցչութիւնը Ե՛ւ Կառավարութեան, Ե՛ւ Ընտրական Օրէնքին Պարագային» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 21, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?