Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ կէսօրին բուռն կերպով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն դիրքերը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալուած են երկու սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապի մէջ են եւ անոնց դրամի փոխանցումներ կը կատարեն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի յաղթէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան, ինչպէս որ տապալած է Իսրայէլը:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց արաբական աշխարհը յուզող հարցեր:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով արձանագրուող ուշացումը մեծ վնաս կը պատճառէ նոր իշխանութեան:

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ կոչ ուղղեց սեղմ կառավարութիւն մը կազմելու` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պէտք է գոհացնէ բոլորը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ զօր. Միշել Աունի  հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը Դիմադրութեան երաշխիք է, որովհետեւ Հըզպալլա քաղաքական առաջին ուժն է, որ զօրակցած է զօր. Աունին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ոեւէ ուժ չի կրնար վեթոյի ենթարկել լիբանանեան այլ ուժի մը մասնակցութիւնը` նոր կազմուելիք կառավարութեան:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Հըզպալլա սովորական լիբանանեան կուսակցութիւն չէ, այլ` շրջանային եւ արաբական կուսակցութիւն, որ Միջին Արեւելքի մակարդակով իր կշիռը ունի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ կատարեց Սայտայի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ առիթ մը` երկրին տագնապները լուծելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութիւնը շուտով պիտի կազմուի, իսկ Թրիփոլի անպայման պիտի ներկայացուի անոր մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ գրեթէ հաստատ է, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի Անկախութեան տօնէն առաջ պիտի կատարուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժի դէմ վեթօ գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան իրաւունքն է ուժային նախարարութիւն մը ունենալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յառաջիկայ ուրբաթ բարգաւաճման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով Արքուպ պիտի այցելէ:

«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, նախագահ Աուն պատրաստ է վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան կազմը վաւերացնելու ինչպէս որ է, նոյնիսկ եթէ Ղովմի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Մարատա հոսանքը ներկայացնելու իմաստով խորհրդակցութիւնները ապարդիւն մնան:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան ընթացքը բաւական լաւ վիճակի մէջ է եւ խորհրդակցութիւնները աշխուժ թափով կ՛ընթանան: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ նախանցեալ գիշեր, երբ վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելած է Պաապտա, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին կառավարութեան կազմի յստակ պատկերացում մը չէ ներկայացուցած, այլ` քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող խորհրդակցութիւնները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի նախաձեռնած է 24 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան մը կազմութեան:

 

 

Նախորդը

Օպամա Յորդորած Է Առիթ Տալ Թրամփին

Յաջորդը

Սամի Ժեմայէլ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?