Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . «Նախագահ Աուն Բոլորին Նախագահն Է Եւ Երկրին Պաշտպանը, Որուն Նեցուկ Պիտի Կանգնինք» Շեշտեց Ժեմայէլ

Նոյեմբեր 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_jemayel_111516

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որ շնորհաւորեց զօր. Աունը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմը պէտք է ըլլայ ներդաշնակ եւ արդիւնաբեր:

Ան ընդգծեց, որ նախագահ Աուն բոլորին նախագահն է եւ երկրին պաշտպանը` հաստատելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը նեցուկ պիտի կանգնի հանրապետութեան նախագահին:

Ժեմայէլ նաեւ հաստատեց, որ նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը եղած է մտերմիկ` աւելցնելով, որ ինք անոր իշխանութեան յաջողութիւն մաղթած է` անհրաժեշտ նկատելով քննչական պետական հաստատութիւններու աշխատանքին աշխուժացումը:

Ժեմայէլ նշեց, որ իշխանութեան շահերուն կը ծառայէ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մասնակցութիւնը կառավարութեան` շեշտելով, որ Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ տարակարծութիւնը սեւ ամպ մըն էր, որ անյայտ կորսուած է:

«Երկու կուսակցութիւններուն միջեւ մրցակցութիւնը բնական է եւ ժողովրդավարական, սակայն անկարելի է, որ մէկ բոյսի ծիլերը նկատուող զոյգ կուսակցութիւնները անհամաձայն շարունակեն իրենց ընթացքը: Եթէ մենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ չհամաձայնինք, ապա Լիբանան ինչպէ՞ս կը գոյատեւէ», հարց տուաւ Ժեմայէլ:

Նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիան:

Քաչիա նախագահ Աունին յանձնեց Ֆրանչիսկոս պապին շնորհաւորագիրը, որուն մէջ պապը մաղթած էր, որ նախագահ Աունի իշխանութեան օրով Լիբանան բարգաւաճի եւ ծառայէ իր զաւակներուն:

Պապը յաջողութիւն մաղթած էր նախագահ Աունին` յոյս յայտնելով, որ ան ամրապնդէ լիբանանցիներուն խաղաղ ապագան:

Նախագահ Աունի այցելեց ընթացաւարտ կառավարութեան աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց սուրիացի գաղթականներու տունդարձը ապահովող ծրագիր մը:

Քազզի յայտնեց, որ զօր. Աուն նախագահական ընտրութեան արտակարգ թեկնածու մը եղած է եւ նախագահական պալատին մէջ անոր ներկայութիւնը կը փարատէ բոլորին մտահոգութիւնները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ նիւթական կացութիւնը:

Սալամէ ընդգծեց, որ Լիբանանի դրամական իրավիճակը կայուն է եւ լաւատեսական:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ, որ նշեց, թէ իր այցելութիւնը զօր. Աունը վերստին շնորհաւորելու նպատակով կատարուած է: Ան յաջողութիւն մաղթեց նախագահ Աունին` երկրին իշխանութիւնը ստանձնելուն առումով:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ.

Լահհամ պատրիարքը, որ յայտնեց, թէ Լիբանան ազգային միասնականութեան տիպար օրինակն է` նկատի ունենալով այս օրերուն շրջանին մէջ տիրող արիւնահեղութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց նախագահ Աունին ըլլալու զօրաւոր նախագահ մը եւ ժողովուրդին մօտիկ մնալու, որովհետեւ լիբանանցիները կարիք ունին իրենց ցաւերն ու հոգերը կիսող պատասխանատու նախագահի մը:

«Մենք կը փափաքինք, որ Լիբանան դարձեալ դառնայ «Արեւելքի Զուիցերիա»-ն: Պատգամի երկիր Լիբանանը աւելի քան երբեք իր դերակատարութիւնը պէտք է ունենայ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան մէջ», շեշտեց Լահհամ պատրիարքը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա, որ շնորհաւորեց նախագահը` ընդգծելով, որ իրենք լաւատես են Լիբանանի ապագային նկատմամբ:

Սէյիտ Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանանի փրկութեան միակ միջոցը լիբանանցիներուն միջեւ գործակցութիւնն է:

Նախագահ Աուն շնորհաւորագիրներ ստացաւ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայէն, Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտայէն, Հարաւային Քորէայի նախագահ Փարք Կէօն Հայէն, Հունգարիոյ նախագահ Ժայնոս Ատերէն, Քամերոնի նախագահ Փոլ Փիայէն, Չատի նախագահ Իտրիս Տեպիէն եւ Նորվեկիոյ Հերըլտ Ե. թագաւորէն:

Նշենք, որ նախանցեալ օր նախագահ Աուն ընդունեց արաբ թէ օտար եօթը դիւանագէտներու հաւատարմագիրները: Վերջիններս արդէն կը պաշտօնավարէին իբրեւ դեսպանատան գործավար կամ իրենց ստանձնած պաշտօններու տեղակալի առժամեայ հանգամանքով:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Յորդանանի դեսպան Նեպիլ Սելիմ Մասարուէի, Յունաստանի դեսպան Թէոտոր Փասասի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Մոհամետ Սայիտ Սուլթան Ապտալլա Շամիսիի, Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի, Ֆրանսայի դեսպան Էմմանուէլ Պոնի, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի եւ Չիլիի դեսպան Մարթա Շալհուպ-Ռոմարոյի հաւատարմագիրները:

Նշենք, որ ասիկա դիւանագիտական հաւատարմագրերու ընդունման առաջին խմբակն է, որուն պիտի յաջորդեն նաեւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ: Հաւատարմագիրներու յանձնումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնակատար:

Նախորդը

Հարիրի Թարապէյէն Ստացաւ Արաբական Դրամատուներու Համադաշնակցութեան Խորհրդաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Յաջորդը

Փեքինի Համալսարանին Մէջ Հայոց Լեզուն Պիտի Դասաւանդուի Իբրեւ Առանձին Մասնագիտութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?