
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ կէսօրէ ետք պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ:
Շուքրի այսօր կէսօրէ առաջ պիտի այցելէ Պաապտա, ուր պիտի շնորհաւորէ զօր. Միշել Աունը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:
Ապա Շուքրի հանդիպում մը պիտի ունենայ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի, ինչպէս նաեւ առանձին տեսակցութիւններ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:


