Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 28, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱ շաբաթավերջին բուռն կերպով ռմբակոծեց լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ բարձունքները` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն դիրքերը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Միշել Ֆարաոն Սաօ Փաուլոյի մարոնի համայնքի առաջնորդարանին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ մաղթեց, որ Լիբանանի նոր իշխանութեան շրջանին երկրին զբօսաշրջական մարզը աւելի եւս բարգաւաճի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նկատմամբ վստահութիւնը մեծ է, որովհետեւ ան յանձնառու է քաղաքական բոլոր ուժերուն իսկական ներկայացուցչութեան:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ լիբանանցիները կ՛որոշեն, թէ նախարարները ճշգրիտ կերպով գործա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ կոչ ուղղեց դիւրացնելու վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաքելութիւնը եւ չարգելակելու նոր իշխանութեան ընթացքը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն լիբանանեան պետութիւնը կերտելու առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ համաձայնութեան ուժը եւ նպատակը կ՛արգիլեն, որ ուրիշներ անոնց իրաւունքները շրջանցեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Սէուտական Արաբիա կատարելիք իր առաջին այցելութեան ընթացքին արդէն իսկ պիտի վերադարձնէ բանակին կատարուած եւ ապա սառեցուած սէուտական զինուորական օժանդակութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ համայնքայնութեան չարիքներէն զերծ մնացած լիբանանեան միակ հաստատութիւնը բանակն է:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ուաէլ Հասանիէ բանակի հրամանատարութիւնը շնորհաւորեց Արսալի մէջ գործադրուած զինուորական տեսակարար գործողութեան համար: Ան մաղթեց, որ այդ գործողութեան շնորհիւ կարելի ըլլայ առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը բացայայտել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Սուրիոյ մղած պայքարէն եւ ցուցաբերած տոկունութենէն ետք շրջանին պատկերը յստակ փոփոխութիւն պիտի կրէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կերտելու լիբանանեան պետութիւնը` զայն վերածելով հաստատութենական եւ արդար պետութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր բանակին եւ Դիմադրութեան ուժին, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել իր դէմ ծառացող ապահովական սպառնալիքները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի ընդգծեց, որ Լիբանան իր ազգային միասնականութեամբ կրնայ պայքարիլ գրգռութիւններուն եւ դաւադրութիւններուն դէմ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու Դիմադրութիւնը նոյն խրամատին մէջ կը գտնուին` Լիբանանը հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգներէն պաշտպանելու իմաստով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց, որ կարելի չէ երկիր եւ քաղաքական կեանք ստեղծել, երբ ընտրական օրէնքը խախտում կ՛ապրի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի յայտնեց, որ Ամալ շարժումին` կառավարութեան մաս կազմելու իրականութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է կառավարութեան մէջ Մարատա հոսանքին ներկայացուցչութեան:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին յայտնեց, թէ ո՛վ որ պատմութեան ծանօթ է, ապա անոր համար յստակ է, որ պատմութիւնը կերտողը կրնայ անկէ դուրս մնալ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին գործողութիւնը համազօր էր ահաբեկչութեան դէմ կանխարգելիչ պատերազմ մղելու իմաստով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երդումին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմը արդէն իսկ պատրաստ է եւ ենթակայ է քաղաքական ուժերուն վաւերացումին:

ՄԱՐՈՆԻ համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց զօրակցելու լիբանանեան բանակին, որ առանձինն կը պաշտպանէ երկիրը:

ՈՒՂՂԱՓԱՌ հանդիպումի փոխնախագահ, նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատել ընդգծեց, որ իրենք կը փափաքին փոխվարչապետի պաշտօնին վրայ տեսնել ուղղափառ համայնքի ներկայացուցիչ մը, որ քաղաքական իմաստով լայն ներկայացուցչութիւն ունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը ուժերու հաւասարութեան կառավարութիւն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու իմաստով օրինական կամ սահմանադրական ոչ մէկ պատճառ կայ` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յստակ ժամկէտ չունի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու առումով Մարատա հոսանքին պահանջը յստակ է, եւ այդ պահանջը ներկայացուած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ երկրին նոր իշխանութիւնը յաջողցնել փափաքողը զինուորական ցուցադրութիւններ եւ տողանցք չի կազմակերպեր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ չկան վտանգաւոր տարակարծութիւններ, որոնք կառավարութեան կազմութիւնը կը խոչընդոտեն` աւելցնելով նաեւ, որ իրենք չեն նախատեսեր, որ կառավարութեան կազմը այս շաբթուան ընթացքին յայտարարուի:

 

Նախորդը

«Պուրճ Համուտը Աւելի Քան Երբեք Կենսունակ Եւ Պայծառ Է Մեր Ժողովուրդի Համախումբ Ու Կազմակերպ Ներկայութեամբ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Մարսէյի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Տալու Քաղաքական Որոշում Մը` Շրջանին Մէջ Արդար Եւ Ամբողջական Խաղաղութիւն Հաստատելու

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?