Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կ՛աշխուժացնէ սահմանադրական հաստատութիւնները:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնները հեզասահ են` աւելցնելով, որ իրենք կը յուսան Պըրրիի հետ գործակցութիւնը շարունակել` ընտրական նոր օրէնքի մշակումին առումով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին յայտնեց, որ իրենք կ՛ուզեն ուժային նախարարութիւն մը ունենալ` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իրենց հանդիպումը դրական աւարտ ունեցած է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումը չի նշանակեր, թէ իշխանութիւնը ձախողած է, իսկ ընտրական օրէնքը երկրին կառավարման բանալին է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ իրենք տակաւին կը գտնուին կառավարութիւնը կազմելու սովորական ժամկէտին մէջ` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի մեծ դիւրութիւններ կը ներկայացնէ քաղաքական բոլոր ուժերը կառավարութեան մէջ ներկայացնելու իմաստով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հիմնական արգելքներէն կը նկատուի Մարատա հոսանքի ներկայացուցչութիւնը, սակայն անիկա միակը չէ, որ կը խանգարէ կառավարութեան կազմութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուները տեղեկացուցած են, թէ անոր համար նոր իշխանութեան նկատմամբ ժողովուրդին տեսակէտներն ու կեցուածքները կարեւոր են:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ պետական պիւտճէի վաւերացումը հիմնական հարց է` պետութեան աշխատանքի անիւը դարձեալ աշխատցնելու համար:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յայտնեց, որ ինք համաձայն է հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը յանձնելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան:

Նոյն օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Այն Թինէի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերադարձած է զերօ կէտին:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ եւ անոր հարց տուաւ Թաուհիտ հոսանքի ջոկատներուն կատարած տողանցքին իմաստին մասին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընդվզած է նոր իշխանութեան նկատմամբ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ցուցաբերած ընդդիմութենէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատեց, որ նոր իշխանութիւնը ձախողեցնելու մասին խօսքերը անտեղի են:

 

 

Նախորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19-րդ «Թելեթոն»-ին Հանգանակուեցաւ 15.428.777 Ամերիկեան Տոլար

Յաջորդը

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Կը Պահանջէ Պետութենէն Փոխադրութեան Մարզը Տնօրինել

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.