Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Դարձեալ Պիտի Վերականգնի, Եւ Ես Պիտի Հսկեմ Պետութեան Շահերուն Պաշտպանութեան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Նոյեմբեր 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Լիբանան դարձեալ պիտի վերականգնի` աւելցնելով, որ Լիբանանի բարգաւաճման նշոյլները յստակ են: Ան հաստատեց, որ Լիբանան պիտի վերածուի հզօր պետութեան, որ Արեւելքին մէջ պիտի դառնայ տնտեսական, դրամական եւ բարոյական կեդրոն մը:

«Ես պիտի հսկեմ պետութեան շահերուն պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու իրաւունքներուն պահպանումին: Յանձնառու պիտի մնամ, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն բոլոր կարիքները կարելի ըլլայ հոգալ», ըսաւ ան: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք պիտի ընդառաջէ տարբեր երկիրներու այցելութեան հրաւէրներուն` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնները փոխադարձ յարգանքի շրջագիծին մէջ պիտի ըլլան եւ ոչ թէ այս կամ այն երկրին հետեւորդը ըլլալու:

aoun_amr_mousa_112416

Նախագահ Աուն ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ` զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Միշել Ֆարաոնի:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ուղղափառ հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` հանդիպումի ընդհանուր քարտուղար Մարուան Ապու Ֆատելի:

Պաապտայի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ամին Ուեհպէ, Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ, նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի եւ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի:

Նշենք, որ նախագահ Աուն շարունակեց ընդունիլ շնորհաւորագիրներ, որոնք յղուած էին Անկախութեան տօնին առիթով:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ իր բարեմաղթութիւնները յայտնած էր անկախութեան 73-ամեակին առիթով եւ կոչ ուղղած ամէնէն արագ միջոցին կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

Հոլլանտ հաստատած էր, որ Փարիզ միշտ պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի:

Նախորդը

Հարիրի Շարունակեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Եւ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

Կարօ Փայլան Փոքրամասնութեանց Դէմ Սպառնալիքներուն Հարցով Յստակացում Կը Պահանջէ Վարչապետէն

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?