Արսալի Արանեպ հովիտին մէջ 10 ահաբեկիչէ բաղկացող ՏԱՀԵՇ-ի խմբակի մը, ինչպէս նաեւ Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «իշխան» Ահմետ Եուսեֆ Ամմունի լիբանանեան բանակին կողմէ ձերբակալման զուգահեռ լուսարձակի տակ առնուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող 11 բանակայիններու թղթածրարը:
Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ամմուն բացայայտած է առեւանգուած բանակայիններուն գտնուած վայրը, իսկ այլ տեղեկութիւններու համաձայն, Ամմունը տակաւին կարելի չէ եղած հարցաքննել` նկատի ունենալով, որ ան ծանրօրէն վիրաւորուած է:
Սակայն հակառակ այս հակասական տեղեկութիւններուն, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին վրայ լուրջ աշխատանք կը տարուի` հաստատելով, որ այդ իմաստով մթնոլորտը դրական է:
Իպրահիմ նշեց, որ իրենք առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարը կը հետապնդեն նոր միջնորդի մը հետ, որ բաւական լուրջ կ՛երեւայ. ան աւելցուց, որ իրենք օր մը օրանց չեն զլացած այդ թղթածրարը հետապնդել, սակայն նախորդ միջնորդը լուրջ աշխատանք չէր տարած այս իմաստով:
Այս շրջագիծին մէջ Աքքարի մէջ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն ընթացքին
առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները մաղթեցին, որ իրենց զաւակները վերադառնան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն պահանջեցին այդ իմաստով ճիգ չխնայել:
Իր կարգին, առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ կան տուեալներ, թէ Ամմուն տեղեկութիւններ ունի իրենց զաւակներուն գտնուած վայրին մասին` յոյս յայտնելով, որ այդ թղթածրարը բարւօք լուծումի արժանանայ:
Եուսեֆ նշեց, որ լիբանանեան բանակն է Լիբանանի արժանապատուութեան պահապանը` աւելցնելով, որ իրենց զաւակները ամէն վայրկեան վտանգի ենթակայ են:
Եուսեֆ հաստատեց, որ իրենք հանդիպում մը պիտի ունենան նախագահ Աունի հետ: «Կը յուսանք, որ ան մեզի օժանդակէ», ըսաւ ան` յուսալով, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող բանակայինները կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն` ամբողջացնելով տարի մը առաջ` 1 դեկտեմբեր 2015-ին Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող 16 բանակայինները ազատ արձակելու առիթով լիբանանցիներուն հոգիները լեցուցած ուրախութիւնը: