Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ շրջանի կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց առողջապահութեան եւ մշակոյթի նախարարներու պաշտօնակատարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուրն ու Ռոնի Արայժին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Սէիչի Օցուքան:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ յայտնեց, որ Փարիզ կը միտի Լիբանանի օժանդակութեան համագումար մը կազմակերպել` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Ֆրանսա կատարուելիք այցելութեան առիթով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Միքայէլլա Վերոնքովան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:  Չեխիոյ դեսպանը միւֆթի Տըրիանի յանձնեց Փրակա այցելութեան հրաւէր մը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ մեկնեցաւ Պրազիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի հրաժարականը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի նոր իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն բարեկարգելու համար պետութիւնը եւ իրենց նկատմամբ վերահաստատելու լիբանանցի քաղաքացիներուն վստահութիւնը:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնն ու Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը կ՛ամրապնդեն ներդրում կատարողին եւ սպառողին միջեւ վստահութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Զաայթեր կոչ ուղղեց վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնք մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն այն օրուան, երբ Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները կարելի պիտի ըլլայ ազատագրել:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Պէյրութի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ապրի փոխանցման փուլ մը, որուն ընթացքին տնտեսական կայունութեան իրականացման կարիք կայ:

ԸՍՏ շիի համայնքի պատասխանատուներուն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ փափաքած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպում մը ունենալ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ուարտէ հարց տուաւ, թէ նոր իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կրնան Զահլէն չներկայացնել նախարարութիւններուն մէջ:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար նախատեսեց, որ մինչեւ ամավերջ երկրին դրամատուներուն կացութիւնը բարելաւուի:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ իրենք կը կեդրոնանան Լիբանանի արտածումներուն ընթացքը բարելաւելու եւ ներածումները նուազեցնելու հոլովոյթին վրայ:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ. «Ընդդիմութիւնը Համաձայն Է Հալէպի Մէջ Օժանդակութիւններու Մատակարարման»

Յաջորդը

Ֆատի Հասան Կը Հերքէ Այն Լուրերը, Թէ Լիբանանի Օդակայանին Ճամբով Դէպի Սուրիա Իրանեան Զէնք Ու Զինամթերքի Փոխադրութիւն Կը Կատարուի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?