Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հարիրի ընդունեց նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Աքրամ Շեհայէպը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Շուֆի եւ Ալէյի մէջ տիրող աղբի տագնապը եւ իւրաքանչիւր շրջանի աղբի տագնապին համար անջատ լուծումներ գտնելու կարեւորութիւնը: