Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ երկրին մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ, իսկ նախագահ Աունի հետ կառավարութեան նոր կազմը ամէնէն մօտիկ ապագային յայտարարելու իմաստով ջանքերը ընթացքի մէջ են:
Հարիրի հաստատեց, որ նախագահ Աուն յանձնառու է երկրին տնտեսական կացութեան նկատմամբ` աւելցնելով, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին նեցուկ պիտի կանգնի թէ՛ անիրաւ եւ թէ՛ իրաւազուրկ ըլլալու պարագային: