Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի պետ դատաւոր Ժան Ֆահըտը եւ Լիբանանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Միքայէլլա Ֆրանքովան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, Հարիրի Ղեկավարութեան եւ հաղորդակցութեան ակադեմիայի բացման հանդիսութեան ընթացքին յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ գիտութիւնը մարդուժ պատրաստելու միակ միջոցն է, ինչպէս նաեւ մարդկային կարողութիւնները զարգացնելու նոր ձեւ մը:
«Այս ծրագիրը սեփական մարզին եւ քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ գործակցութեան օրինակ մըն է, իսկ պետութեան պատասխանատուութիւնն է Լիբանանի ապագան նկատուող երիտասարդներուն աշխատանքի առիթներ հայթայթել», շեշտեց Հարիրի:
Հարիրի նշեց, որ այս առիթով իր ուրախութիւնը կրկնապատկուած է, որովհետեւ ակադեմիան Պէյրութի մէջ կը գտնուի, «եւ մեր նպատակն է Պէյրութը վերադարձնել բոլոր լիբանանցիներուն», աւելցուց ան:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Պահիա Հարիրիին, ոչ միայն անոր քաղաքական դերակատարութեան համար, այլեւ յարատեւ բարգաւաճման եւ զարգացման հաւատարիմ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ջահը բարձր պահելուն համար:
Հարիրի ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք աշխատեցան այդ ծրագիրին յաջողութեան համար` ընդգծելով, որ այս է Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալուն իսկական պատկերը:
Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստ
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պլոքը գնահատեց Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպած ու գործադրած ներքին ընտրութիւնները, եւ այդ ընթացքին տիրած առողջ, լուրջ, թափանցիկ եւ ժողովրդավարական մթնոլորտը:
Մուսթաքպալ պլոքը վստահեցուց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի Բ. ընդհանուր ժողովը նոր հորիզոններ պիտի բանայ եւ լիբանանեան կուսակցութիւններուն ժողովրդավարական գործելաձեւը պիտի ամրապնդէ: