Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացնելու պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենց եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական դաշինքը հաստատ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ամէնէն աւելի հեզասահ կը դարձնէ կառավարութեան կազմութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող միակ հարցը Մարատա հոսանքին ստանձնելիք նախարարութիւնն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պահանջած է օրէնսդրական աշխատանքի վերադառնալ, որովհետեւ անոր չգոյութիւնը պետական աշխատանքներուն վրայ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանան աւելի ապահով վայրի մը վերածուած է բանակին կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումին ձերբակալութեամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի նախաձեռնէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը դուրս բերելու իր դիմագրաւած ներկայ խոչընդոտներէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի միասնաբար կը գործեն` ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է, եւ նախարարներուն պատկերը հետզհետէ յստակ կը դառնայ: Ան ընդգծեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցչութիւնը կարեւոր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով բաւական լուրջ եւ բարդ հարցեր կան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ զարմանք յայտնեց կատարուած այն յայտարարութիւններուն մասին, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացած է` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը տակաւին կը գտնուի իր բնականոն ժամկէտին մէջ:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իր ոչ աւանդական քաղաքականութիւնը պիտի պահպանէ, իսկ լիբանանեան թղթոսկին իր արժէքը միշտ պիտի պահէ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցչութեան փոքրացումը անոր քաղաքական կշիռին վրայ վատ ազդեցութիւն կ՛ունենայ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի չարտօնէ, որ այս կամ այն քաղաքական կողմը իր պայմանները պարտադրէ իր վրայ եւ պատճառ դառնայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Արսալի բարձունքներուն վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ արձանագրուելիք զինեալ բախումները անխուսափելի են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան դէմ ծառացած խոչընդոտները տրամաբանական կը գտնեն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պիտի յաջողի այն ժամանակ միայն, երբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այդ մասին իր գոհունակութիւնը յայտնէ:

«ՊԱՅԱՆ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ մէկ նախարարութիւն զիջելու պատրաստակամ է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի կատարուած իրողութեան կառավարութիւնը պիտի պարտադրեն, ինչպէս էր պարագան վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, գրած է, թէ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութենէն վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յատուկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան լուռ պիտի չմնայ նշմարած սխալներուն դիմաց, որովհետեւ ան իր պարտականութիւնը կը նկատէ այդ սխալներուն մատնանշումը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, անցեալ երկուշաբթի օր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն սէյիտ Նասրալլային շեշտած է, թէ ինք կառչած կը մնայ իրենց միջեւ ռազմավարական համաձայնութեան եւ փոխըմբռնումի սկզբունքներուն, իսկ սէյիտ Նասրալլա վերահաստատած է նախագահ Աունի նկատմամբ իր վստահութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքին յատկացուելիք նախարարութեան պատճառով է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը գտնուի:

Նախորդը

«Հայ Տուն». «Հայրս Կ՛ըսէր, Որ Եթէ Օտարի Հետ Ամուսնանաս, Կը Սպաննեմ Քեզ»

Յաջորդը

Այսօր Երեկոյեան «Պարպարա» Ձիւնամրրիկը Պիտի Սկսի Հարուածել Լիբանանը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?