
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ նշեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ ռուս յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով զարմանք յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտասանած սուտերուն գծով:
«Կարծէք մեր բարեկամ ռուսերուն համար անծանօթ է այն իրականութիւնը, թէ Էրտողան Իսլամ եղբայրներու խաբեբայութեան եւ երկերեսութեան դպրոցի շրջանաւարտ է», ըսաւ Ուահապ:
Միւս կողմէ, Ուահապ կատարեց Էրտողանի ուղղուած թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Անմի՛տ Էրտողան, եթէ կարողութիւն ունենայիր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու, ապա ատիկա շատոնց կատարած կ՛ըլլայիր: Իսկ հինգ տարիէ ի վեր չե՞ս երազեր Օմայեատներու մզկիթին մէջ աղօթել»: