Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն երէկ այցելեց Ժիպէյլ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ժպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթի հետ: Պոն Հաուաթի հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը եւ գնահատեց Ժիպէյլի մէջ անցեալ ժամանակաշրջանին իրականացած բարգաւաճման ծրագիրները:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի միակն է, որ զիջումներ կը կատարէ` ազգային պատասխանատուութեան իր գիտակցութենէն մղուելով:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալիս Շապթինի կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան ջանքերը զերծ պահել արգելքներէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երդման ճառը Մարտ 14-ի դաշինքի սկզբունքներուն մեծ համեմատութիւնը կը մարմնաւորէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին, ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան միջեւ գործակցութեան ամրապնդումին` պաշտպանելու համար Լիբանանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ իրենք կը վստահին լիբանանեան դեղարաններուն մէջ գտնուող դեղորայքին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ ոչ ոք կը ներկայացնէ Ժամաա Իսլամիէն` աւելցնելով, որ Հըզպալլա Լիբանանի մեծամասնութեան հետ հարց ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները անկարելի չէ շրջանցել` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան կը սպառնայ քաղաքական լարուածութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան ազգային միասնականութեան կառավարութեան պահանջին` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուզեն, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագանայ, սակայն կը մերժեն աճապարելու քաղաքականութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Շեպաայի մէջ ահաբեկչութեան վտանգները տակաւին առկայ են` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կառավարութիւն մը, որպէսզի անիկա դէմ դնէ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումին վրայ:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն տառապանքը կը մեծնայ, մինչ անոնց ղեկավարները կը մերժեն իրարու հետ հաց կիսել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական խորհուրդին փոփոխութիւնը ազգային մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող բոլոր ականները վնասազերծելու ընթացքին մէջ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուած են, սակայն անոնք յաւելեալ աշխուժութեան եւ գործակցութեան կարիքը ունին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու Դիմադրութիւնը իրենց հողին վրայ հերոսութիւններ կ՛արձանագրեն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր երէկ հիւսիսային Ղաժարի եւ Ապպասիէի մէջ ստուգեցին ելեկտրոնային սարք մը: Ստուգման ընթացքին իսրայէլեան օդուժը ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ կատարեց Մազարեհ Շեպաայի եւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական աղբիւրներէն, կը գրէ, որ շիի համայնքի զոյգ ներկայացուցիչները տակաւին չեն մարսած այն համաձայնութիւնը, որ գոյացած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարատա հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Մարատա հոսանքը կառչած կը մնայ իր պահանջին, որն է` հաղորդակցութեան միջոցներու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւններէն մէկը ստանձնել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պաապտա այցելութիւնը ոչ մէկ նորութիւն բերած է` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները դիւրացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, այս շաբթուան ընթացքին կառավարութեան կազմութեան ճիգերը պէտք է յստականան:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Մենք Սուրիա Մուտք Գործած Ենք Ասատի Իշխանութեան Վերջ Տալու Համար»

Յաջորդը

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը 8 Դեկտեմբերը Ընդհանուր Գործադուլի Օր Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.