Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Երեք Պետերը Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն Պաղեստինեան Դատին

November 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

lebaneseleaders_palestine-cause_112916

Պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան համաշխարհային օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ այս օրը 1977-ին համաշխարհային յայտարարած ՄԱԿ-ը պէտք է ստիպէ իր անդամ երկիրներուն յանձնառու մնալ իր տուած բանաձեւերուն գործադրութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ բանաձեւերէն գլխաւորը կը հանդիսանայ թիւ 194 բանաձեւը, որուն համաձայն, կ՛ապահովուի պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը: Ան աւելցուց, որ պաղեստինցիները իրաւունք ունին ունենալու իրենց երկիրը, որ բռնագրաւուեցաւ Իսրայէլի կողմէ:

«Պաղեստինեան դատը մարդկային էութիւն ունի եւ անկարելի է թուլութիւն արձանագրել` այդ դատը պաշտպանելու ուղիին վրայ», շեշտեց նախագահ Աուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան անունով շեշտեց պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը վերադառնալու դէպի իր հողերը եւ ունենալու իր հայրենիքը` մայրաքաղաք Երուսաղէմով:

Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան անունով Պըրրի կոչ ուղղեց վերջ տալու միջպաղեստինեան տարակարծութիւններուն եւ պաղեստինեան դատի լուծման արդար պայքարին համար ճիգ չխնայելու:

«Պաղեստինեան դատը կը մնայ առաջնահերթութիւն եւ կողմնացոյց` անիրաւութեան դէմ իրաւունքին արձանագրելիք յաղթանակին», ընդգծեց Պըրրի:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին կոչ ուղղեց աշխարհին լուսարձակները կեդրոնացնելու պաղեստինեան դատին վրայ` նկատի ունենալով անոր արդար դատ ըլլալու իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց առիթ տալու պաղեստինցիներուն, որպէսզի կերտեն իրենց հայրենիքը:

«Պատերազմները պատճառ պիտի չըլլան, որ մեր ուշադրութիւնը Պաղեստինեան դատէն շեղենք», յայտնեց Հարիրի:

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ-ի, ԱԺԿ-ի Եւ Ազատ Հայրենիքի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

2 Տարի Բանտին Մէջ Մնալէ Ետք. Ուլի Հէօնես Վերադարձաւ Պայէրն Միւնիխի Նախագահի Պաշտօնին

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.