Լիբանանեան

Քասեմ. «Մեր Զէնքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Քասեմ. «Մեր Զէնքէն Պիտի Չհրաժարինք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ նշեց. «Հըզպալլան հիմնուեցաւ ժիհատի, Կազայի եւ Լիբանանի հողերու ազատագրման եւ Պաղեստինի աջակցութեան գաղափարներուն վրայ»: «Պիտի պաշտպանենք մեր ժողովուրդը, անձնատուր պիտի չըլլանք եւ պիտի չհրաժարինք մեր զէնքէն, որ մեզի վճռակամութիւն եւ ուժ կու տայ», յայտարարեց Քասեմ: «Գոյութենական վտանգի դիմակայման համար իրաւունք ունինք ամէն ինչ ընելու», ըսաւ ան: «Յարձակումը չի կրնար շարունակուիլ, եւ ամէն բան չափ...

Սալամ. «Մեր Նպատակը Պետութիւնը Ատակութեան  Հիման Վրայ Վերականգնելն  Ու Ներդրումները Խթանելն Է»

Սալամ. «Մեր Նպատակը Պետութիւնը Ատակութեան Հիման Վրայ Վերականգնելն Ու Ներդրումները Խթանելն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան 80-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին յայտնեց. «Այս ընկերութիւնը լիբանանցիներու ինքնութեան մէջ հաստատ տարր մը դարձաւ, եւ բոլորը կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս հակառակ պատերազմներուն եւ ճգնաժամերուն, արտաքին աշխարհին հետ միակ կապի միջոցը դարձաւ»: «Կառավարութեան հայեցակարգը հիմնուած է շարք մը հիմերու վրայ, եւ մեր նպատակը պետութիւնը ատակութեան եւ արդիւնաւէտութեան հիման վրայ վերականգնելն ու ներդրումները խթանելն է: Կառավարումը...

Ռաատ. «Հըզպալլային Վերջ Տալը Մեծ Պատրանք Ու  Անիրագործելի Նպատակ Է, Եւ Զայն Հետապնդելը  Լիբանանի Կայունութեան Կասկածելի Սպառնալիք Է»

Ռաատ. «Հըզպալլային Վերջ Տալը Մեծ Պատրանք Ու Անիրագործելի Նպատակ Է, Եւ Զայն Հետապնդելը Լիբանանի Կայունութեան Կասկածելի Սպառնալիք Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի պետ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց. «Թշնամիին պատերազմի դաշտին վրայ Հըզպալլայի գոյութեան վերջ տալ ձախողելէն ետք, այդ նպատակը յանձն առին անոր միջազգային հովանաւորները, շրջանային մեղսակիցներն ու տեղական պատեհապաշտները` ճնշում գործադրելով Դիմադրութեան, լիբանանեան պետութեան եւ անոր կառավարութեան վրայ: «Այս ծիրին մէջ 5 օգոստոսին հրապարակուեցաւ կառավարութեան սխալ որոշումը, որուն վրայ 7 օգոստոսին աւելցուեցաւ ուրիշ որոշում մը, որ թշնամիին առիթ կ՛ընծայէ...

Ամմար. «Մեր Դիմադրութենէն  Պիտի Չհրաժարինք»

Ամմար. «Մեր Դիմադրութենէն Պիտի Չհրաժարինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց. «Գոյութիւն ունի մեծ բռնատիրութիւն մը, որ Ամերիկան է, որ որեւէ միջոց ու ջանք չի խնայեր ժողովուրդները ճնշելու, գաղութատիրութեան վերածելու, վարկաբեկելու եւ զանոնք իրեն ենթակայ դարձնելու, անիկա այդ մէկը կը կատարէ դաշնակցելով իսրայէլացի թշնամիին հետ»: «Որեւէ պարագայի մեր Դիմադրութենէն պիտի չհրաժարինք: Ընդ որում, անոնք, որոնք մեզ կ՛ամբաստանէին իսրայէլացի թշնամին Լիբանանի մէջ պատերազմի ներքաշելու,...

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին.  Իսրայէլ Լիբանանեան Բանակէն Պահանջեց  Աշխուժացնել Հըզպալլայի Զէնքերու Որոնումը

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին. Իսրայէլ Լիբանանեան Բանակէն Պահանջեց Աշխուժացնել Հըզպալլայի Զէնքերու Որոնումը

Լիբանանցի երեք պաշտօնատարներ եւ իսրայէլացի երկու պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Իսրայէլ լիբանանեան բանակին վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի զինաթափման գործադրութեան մէջ աւելի խիստ ըլլայ` հարաւային Լիբանանի մէջ անոր սեփական կալուածները խուզարկելու ճամբով: Անոնք «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ այս առաջարկը վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին ներկայացուած է, եւ լիբանանեան բանակը զայն մերժած է` մեկնելով այն...

Երկուշաբթի Յառաջացած Հրդեհը  Տարածուեցաւ Դէպի Պքասինի Անտառ

Երկուշաբթի Յառաջացած Հրդեհը Տարածուեցաւ Դէպի Պքասինի Անտառ

Երկուշաբթի օրուընէ ի վեր Լիբանանի մէջ յառաջացած անտառային հրդեհները տարածուեցան հարաւային Լիբանանի Ժեզզին գաւառին մէջ Պքասինի անտառ, որ Միջին Արեւելքի մէջ սնոպարի մեծագոյն անտառը կը նկատուի: Իքլիմ Խարրուպի եւ հարաւային Լիբանանի շարք մը շրջաններու մէջ երկուշաբթի օր յառաջացած հրդեհները շարունակեցին աւեր գործել: Հովի զօրանալուն պատճառով մասնաւորաբար մեծ են Մթըլլէ, Ժալիլիա, Թալլեթ Հասրութ եւ Զաարուրիէ գիւղերու մերձակայքին մէջ գտնուող անտառային հրդեհները:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդական Անն Քլերի այս շաբաթ սպասուող այցելութիւնը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բանակցելու համար է Հըզպալլայի զինաթափման թղթածրարէն սկսեալ նիւթերուն շուրջ, որոնց մէջ Ֆրանսան ներգրաւուած է»: . «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի դիւանագիտական տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանան ոչ միայն ամերիկեան ճնշումի կ՛ենթարկուի, այլ նաեւ Ծոցի շրջանէն ճնշումի` գործադրելու համար բարեկարգումները, նկատի ունենալով, որ բարեկարգումը...

Հանրապետութեան Նախագահը  Պուլկարիայէն Յայտարարեց.  «Բանակին Առաքելութիւնը Ճակատագրական Է,  Եւ Ան Պետութեան Իշխանութիւնը Լիբանանի  Ամբողջ Տարածքին Վրայ Տարածելու  Հարցին Մէջ Գործընկեր Չունի»

Հանրապետութեան Նախագահը Պուլկարիայէն Յայտարարեց. «Բանակին Առաքելութիւնը Ճակատագրական Է, Եւ Ան Պետութեան Իշխանութիւնը Լիբանանի Ամբողջ Տարածքին Վրայ Տարածելու Հարցին Մէջ Գործընկեր Չունի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պուլկարիա, ուր երկրի նախագահ Ռոմեն Ռատեւի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ քննարկած են Պէյրութի եւ Սոֆիայի միջեւ թռիչքներու ուղղակի գիծ բանալու, երկրագործական արտադրութիւններու եւ առեւտուրի ծաւալը բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի մէջ գործակցութեան գործնական գործիքակազմերը: Ան նշեց երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւնը` աջակցելու լիբանանեան բանակին եւ անոր տրամադրելու ամէն...

Նախագահ Աուն` Ամերիկեան  Պատուիրակութեան.  «Բանակցութիւնը Պատշաճ  Մթնոլորտի Կարիք Ունի»

Նախագահ Աուն` Ամերիկեան Պատուիրակութեան. «Բանակցութիւնը Պատշաճ Մթնոլորտի Կարիք Ունի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հանդիպում ունեցաւ Սպիտակ տունէն, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն պատուիրակութեան մը հետ: Կիրակի գիշեր Պաապտայի պալատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Լիբանան խստօրէն կը կիրարկէ դրամներու լուացման, մաքսանենգման կամ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման համար օգտագործման դէմ քայլերը, ինչպէս նաեւ խիստ կերպով կը պատժէ ելեւմտական յանցագործութիւններու բոլոր տեսակները: Նախագահ Աուն նշեց, որ...

Ընդունելով Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը`  Սալամ. «Բարեկարգումին, Պետութեան  Հաստատութիւններու Վերականգնման  Եւ Գերիշխանութեան Ամրապնդման Յանձնառու Ենք»

Ընդունելով Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը` Սալամ. «Բարեկարգումին, Պետութեան Հաստատութիւններու Վերականգնման Եւ Գերիշխանութեան Ամրապնդման Յանձնառու Ենք»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Սեպասթիըն Կորքայի գլխաւորած Սպիտակ տունէն, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով յայտնեց. «Կառավարութիւնը բարեկարգումին, պետութեան հաստատութիւններու վերականգնման ու լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր գերիշխանութեան ամրապնդման յանձնառու է»: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սահմաններու վերահսկողութեան ու անհատներու եւ ապրանքներու երթեւեկի կարգաւորման: Քննարկուեցան լիբանանեան կառավարութեան դրամներու լուացման դէմ պայքարի ջանքերը` ամրապնդելով թափանցիկութիւնը, վստահութեան վերականգնման ու...

Սալամ Արձագանգեց Պարրաքի «Զարմանալի»  Յայտարարութիւններուն

Սալամ. «Քանդումին Պատասխանատուն Ես Չեմ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ պատկերասփռուած զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բոլորիս դիրքորոշումը մէկ է` անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ վերջ տալու իսրայէլեան բռնագրաւումին, դադրեցնել առօրեայ յարձակումները եւ ազատել գերիները: Այս բոլորը` յարգելով նախկին կառավարութեան կողմէ ստորագրուած համաձայնութիւնները, եւ մենք վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին ու իբրեւ պետութիւն մեր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին, եւ կառավարութեան մէջ ատոր շուրջ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի»: «Կառավարութեան կեանքին...

Պայրագտարեան Ռիատ Այցելեց

Պայրագտարեան Ռիատ Այցելեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան վերադարձաւ Ռիատէն, ուր ներկայ գտնուեցաւ իսլամական միասնականութեան 6-րդ խաղերու բացման` ընդառաջելով իր սէուտցի պաշտօնակիցի հրաւէրին: Պայրագտարեան սէուտական մայրաքաղաքին մէջ դիմաւորուած էր Սէուտական Արաբիոյ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ թուայնացման պատասխանատու Խալետ պըն Ապտալլա Ղալիքայի կողմէ: Ան Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Աշրաֆ Սուպհիի հետ: Պայրագտարեան գնահատեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած...

Կորքա. «Նախագահ Աուն Կրնայ Աբրահամեան  Համաձայնութիւններու Ծիրին Մէջ Թրամփի  Խաղաղութեան Պատկերացումին  Իրականացման Նպաստելու»

Կորքա. «Նախագահ Աուն Կրնայ Աբրահամեան Համաձայնութիւններու Ծիրին Մէջ Թրամփի Խաղաղութեան Պատկերացումին Իրականացման Նպաստելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օգնականի տեղակալ Սեպասթիան Կորքա նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աուն բազմաթիւ համայնքներէ բաղկացած լիբանանեան պետութեան քրիստոնեայ ղեկավարն է: Ինծի համար մեծ պատիւ էր այս օրերուն Ճոն Հըրլիի հետ անոր դարձեալ հանդիպիլ` տրուած ըլլալով, որ 17 տարի առաջ ան պարզապէս գնդապետ Աուն էր եւ Լուէյզէ համալսարանին մէջ իմ ուսանողներէս մէկը»: «Ո՜վ Ժոզեֆ, այսօր մեծ ճամբայ կտրեցիր: Այս...

Ժեմայել. «Լիբանանի Սահմանադրութեան  Նախաբանին Մէջ Չէզոքութիւնը Ներառելու  Սահմանադրական Փոփոխութեան Առաջարկի  Ներկայացումը Կը Յայտարարենք»

Ժեմայել. «Լիբանանի Սահմանադրութեան Նախաբանին Մէջ Չէզոքութիւնը Ներառելու Սահմանադրական Փոփոխութեան Առաջարկի Ներկայացումը Կը Յայտարարենք»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայել խորհրդարանէն նշեց. «Լիբանանի մէջ բացուող նոր էջը առիթ մըն է, եւ մեկնելով բոլոր զարգացումներէն, այսօր Լիբանանի սահմանադրութեան նախաբանին մէջ չէզոքութիւնը ներառելու սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկի ներկայացումը կը յայտարարենք»: Ան բոլորին կոչ ուղղեց «որդեգրելու այս առաջարկը եւ անոր որդեգրման մէջ մեզի օգնելու»: «Չէզոքութիւնը մեր ներքին միասնականութիւնը պիտի ուժեղացնէ, որովհետեւ ոչ ոք կարող է առանցքներու պատկանիլ եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԱՇՐԱ». «Սուրիական Ֆլիթա գիւղի բացատին մէջ Հայաթ Թահրիր Շամի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ բախումներու պատճառով լիբանանեան բանակը ամրապնդեց լիբանանեան Արսալ գիւղի բացատին մէջ իր ներկայութիւնը, եւ անոր հետախուզական օդանաւերը սկսան շրջանին վերեւ թռիչքներ գործել` զինեալներու Լիբանան մուտքը արգիլելու համար»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ իսրայէլացի թշնամին յառաջիկայ ամսուան սկիզբը պայմանաժամի աւարտէն ետք որեւէ կարմիր...

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար»   Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ պատժամիջոցներու աւագ պաշտօնատարը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կը ջանան Լիբանանի մէջ յարմար առիթէն օգտուիլ` Հըզպալլայի իրանեան ֆինանսաւորումը խափանելու եւ կուսակցութեան վրայ ճնշում բանեցնելու համար, որպէսզի իր զէնքէն հրաժարի»: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի ահաբեկչութեան եւ ելեւմտական հարցերու տեղակալ Ճոն Հըրլի նշեց. «Իրան  այս տարի կրցաւ շուրջ միլիառ տոլար փոխանցել Հըզպալլային, հակառակ անոր տնտեսութեան վնաս պատճառած պատժամիջոցներու շարքին»:

Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Բացառուած Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը բացառուած է»: «Ան, որ յարաբերութիւններու բնականոնացում կը պահանջէ, ապա պէտք է գիտնայ, որ ատիկա կարելի չէ: Տակաւին կարծիքիս վրայ եմ, թէ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը գործիքակազմ մըն է, որ կը ներառէ բոլոր կողմերը` Լիբանան, Իսրայէլ, Ամերիկա, Ֆրանսա եւ ՄԱԿ, եւ արգելք չկայ կարիքի պարագային քաղաքային փորձագէտներու դիմել,...

Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»

Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»

Փոխվարչապետ Թարեք Մթըրի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պաշտօնական Լիբանանը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլան, յանձնառու են թշնամական արարքներու դադրեցման, իսկ Իսրայէլ շարունակեց իր յարձակումները, որոնք երբեմն կը կոչուին համաձայնութեան խախտում եւ պաշտօնատարներու ու զէնք-զինամթերքի պահեստանոցներու թիրախաւորում»: «Իսրայէլ Լիբանանի դէմ իր յարձակումները շարունակելու համար պատրուակներու կարիքը չունի», նշեց ան: «Յառաջընթաց արձանագրեցինք սահմաններու վերահսկողութեան եւ զէնքերու ու թմրեցուցիչներու դէպի Լիբանան եւ...

Ֆատլալլա. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Վնասել Պետութեան Ղեկավարման Մէջ Մեր Գործընկերութեան, Ներկայութեան Եւ Դերին»

Ֆատլալլա. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Վնասել Պետութեան Ղեկավարման Մէջ Մեր Գործընկերութեան, Ներկայութեան Եւ Դերին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Ներկայ փուլին մեր դիմաց կը գտնուին մարտահրաւէրներ, զորս կարելի է ամփոփել երեք վերնագիրներու տակ` իսրայէլեան յարձակումները, վերաշինութիւնն ու ներքին կացութիւնը»: «Այսօր Լիբանան կը դրուի երկընտրանքի դիմաց` կա՛մ կռիւը, պատերազմը եւ թիրախաւորումներու շարունակումը, կա՛մ անձնատուութիւնը, եւ թէեւ պատերազմի սիրահարներ չենք, սակայն մեր հաւատարիմ եւ ազնիւ ժողովուրդը որեւէ պարագայի չի կրնար ընդունիլ անձնատուութիւնն ու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արաբական պետութիւն մը կը փորձէր միջնորդութիւն կատարել, սակայն Հըզպալլայի բաց նամակը զայն ետ կանգնեցուց»: - «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Եգիպտացի պաշտօնատարները կը հաստատեն, որ Գահիրէի նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի, եւ իրենք Հըզպալլայի դիրքորոշումին նկատմամբ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն»: - ՇԻԻ երկեակէն ղեկավար աղբիւր մը «Արապի21»-ին. «Լիբանանեան պետութիւնը անցնող օրերուն ստացաւ շրջանային ապահովական պատուիրակի մը կողմէ փոխանցուած վտանգաւոր առաջարկ մը,...

Page 76 of 986 1 … 75 76 77 … 986

Արխիւներ