Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ պատկերասփռուած զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Բոլորիս դիրքորոշումը մէկ է` անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ վերջ տալու իսրայէլեան բռնագրաւումին, դադրեցնել առօրեայ յարձակումները եւ ազատել գերիները: Այս բոլորը` յարգելով նախկին կառավարութեան կողմէ ստորագրուած համաձայնութիւնները, եւ մենք վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին ու իբրեւ պետութիւն մեր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին, եւ կառավարութեան մէջ ատոր շուրջ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:
«Կառավարութեան կեանքին մէջ կարեւորագոյն ականներէն կը նկատուին անցեալի սովորութիւններն ու փոփոխութեան դժուարութիւնը: Գիտեմ, որ փոփոխութիւնը դիւրին չէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ, իմ կարծիքովս` երկիրը չի կրնար ոտքի կանգնիլ առանց փոփոխութեան, այսինքն` արմատական բարեփոխման: Դիրքերու համայնքայնութիւնը կը նկատեմ դժուարագոյնը, եւ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ մեր կատարած նշանակումները աւելի հերթափոխութեամբ ըլլային: Անոնք լաւ նշանակումներ են, եւ ես պատրաստ եմ անոնց մեծամասնութիւնը պաշտպանելու», ըսաւ վարչապետը:
«Կառավարութիւնը իր կազմութեամբ յստակ խորագիր ունի, եւ անիկա տարբեր է նախկիններէն, որոնք ազգային անդամալուծութեան կառավարութիւններ էին: Մենք փորձեցինք հաստատել նոր գաղափար մը` ազգային ատակութեան կառավարութիւնը, եւ ես հպարտ եմ իւրաքանչիւր նախարարով, անոնց ատակութեան եւ նշանակման ոլորտին մէջ տեղեկացուածութեան առումով», յայտնեց ան:
«Ո՛չ դրամատուն ունիմ, ո՛չ միլիս, ո՛չ ալ քաղաքական կուսակցութիւն, այլ` մարդոց վստահութիւնը, որ կ՛ուզեմ պահպանել, որովհետեւ Լիբանանի մէջ հիմնական խնդիրը վստահութեան կորուստն ու պետութեան ու քաղաքացիներուն միջեւ վիհն է», նշեց վարչապետը:
Սալամ հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանը ինչպէ՞ս կրնայ առաջնահերթութիւններէն հեռու ըլլալ, երբ կառավարութեան կազմութենէն ետք առաջին այցելութիւնս այդտեղ էր: Ժրաջան աշխատանք կը տանիմ վերաշինութեան անհրաժեշտ գումարները ապահովելու: Եթէ ոեւէ մէկը աւելի լաւ ձեւ մը ունի, թող մեզի ըսէ, եւ քանդումին պատասխանատուն ես չեմ»:
«Քաղաքացիական բոլոր պատերազմներէն տառապեցանք, եւ չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը պատրաստ է երկիրը անգամ մը եւս պատերազմի առաջնորդելու: Եթէ օրէնքի կիրարկումը յամառութիւն է, ապա այո՛, ես յամառ եմ, եւ քաղաքացիական պատերազմի մասին ահաբեկման դիմաց չեմ ընկրկիր», յայտարարեց վարչապետը:


