Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արաբական պետութիւն մը կը փորձէր միջնորդութիւն կատարել, սակայն Հըզպալլայի բաց նամակը զայն ետ կանգնեցուց»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Եգիպտացի պաշտօնատարները կը հաստատեն, որ Գահիրէի նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի, եւ իրենք Հըզպալլայի դիրքորոշումին նկատմամբ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն»:

– ՇԻԻ երկեակէն ղեկավար աղբիւր մը «Արապի21»-ին. «Լիբանանեան պետութիւնը անցնող օրերուն ստացաւ շրջանային ապահովական պատուիրակի մը կողմէ փոխանցուած վտանգաւոր առաջարկ մը, որ Լիբանան համաձայն ըլլայ, որ Դիմադրութեան կողմէ հակադարձութիւն չըլլալու խոստումին դիմաց իսրայէլեան որոշակի հարուած մը ըլլայ, որմէ ետք Իսրայէլ կը յարգէ զինադադարը»:

– ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը Հըզպալլայի դիրքորոշման դիմաց, առանց անոր պատասխանելու, իշխանութեան դիրքորոշումը վերահաստատեցին: Աուն բանակցութեան սկզբունքը վերահաստատեց, այնպէս մը, որ կարծէք Հըզպալլայի «սեւ գիրքը» չէ հրապարակուած»:

– ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան, իր վերջին եւ Իսրայէլը յաւելեալ մագլցումի մղող հաղորդագրութեան ճամբով, սխալ գնահատում կը կատարէ, ինչպէս Կազային թիկունք կանգնելու պատերազմին ընթացքին ըրաւ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Կարելի չէ ըսել, թէ բանակցութիւններու գնացքը ընթացք առաւ, սակայն պատրաստութիւնները սկսան: Լիբանանեան դիրքորոշումը յստակ է, թէ երբ բանակցութիւնները սկսին, կրակոցը պէտք է դադրի, որովհետեւ Լիբանան կրակոցի տակ պիտի չբանակցի»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին նեղ կացութեան մէջ է, որովհետեւ խնդիրը իր մօտ դարձաւ. ան ներքին եւ արտաքին առումով այլեւս կը գտնուի խոչընդոտողի դիրքին վրայ, որ սահմանադրութիւնը խախտելով արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութիւնը չ՛ուզեր»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Քֆարտունինի մէջ կառոյցներ, տուներ, երեխաներ եւ բանակի կեդրոնը թիրախաւորած իսրայէլեան օդային յարձակումներուն արդիւնքները Հըզպալլայի զինուորական դիրքերը թիրախաւորելու մասին իսրայէլեան պնդումներուն կեղծ ըլլալը ապացուցեցին»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Միջազգային դրամատան հետ հարաւային Լիբանանի կացութեան շուրջ բանակցութիւններու հարցին մէջ որեւէ նորութիւն չարձանագրուեցաւ` սպասելով Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Միշել Իսային` իմանալու համար, թէ ան իրեն հետ ինչ կը բերէ»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Զէնքը յանձնելու մինչեւ տարեվերջ երկարող պայմանաժամը անիրատեսական է: Իսրայէլեան խոչընդոտին կողքին կարգ մը զինուորական դիրքերը գոց տուփեր են, որոնցմէ ոմանք զննուելու, սերտուելու եւ քանդուելու համար ամիսներու կը կարօտին»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Լիբանանեան բանակին Լիթանիի հարաւին վերահսկողութեան համեմատութեան 85 առ հարիւրի թիւը մօտաւոր է, որովհետեւ ոչ ոք` ոչ իսկ իսրայէլացիք ու ամերիկացիք գիտեն զէնքերու թաքստոցներու ճշգրիտ քարտէսը»:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Ամերիկացիներուն վերջերս փոխանցած պատգամները յստակ էին` «եթէ իսրայէլեան յարձակումներուն դադրեցումը կ՛ուզէք, պէտք է բանակցիք», նաեւ զգուշացում եւ յիշեցում կատարուեցաւ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու լիազօրութիւնները պիտի աւարտին 2026 թուականի աւարտին»:

Նախորդը

Սաղաթէլեան. «Եկեղեցւոյ Դէմ Արշաւը Ծրագրուած Պայքար Է Մեր Ազգային Ինքնութեան Դէմ»

Յաջորդը

Ֆատլալլա. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Վնասել Պետութեան Ղեկավարման Մէջ Մեր Գործընկերութեան, Ներկայութեան Եւ Դերին»

RelatedPosts

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար»   Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը
Գլխաւոր լուրեր

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Նոյեմբեր 10, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Բացառուած Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?