Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդունելով Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը` Սալամ. «Բարեկարգումին, Պետութեան Հաստատութիւններու Վերականգնման Եւ Գերիշխանութեան Ամրապնդման Յանձնառու Ենք»

November 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Սեպասթիըն Կորքայի գլխաւորած Սպիտակ տունէն, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը ընդունելով յայտնեց. «Կառավարութիւնը բարեկարգումին, պետութեան հաստատութիւններու վերականգնման ու լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր գերիշխանութեան ամրապնդման յանձնառու է»:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սահմաններու վերահսկողութեան ու անհատներու եւ ապրանքներու երթեւեկի կարգաւորման:

Քննարկուեցան լիբանանեան կառավարութեան դրամներու լուացման դէմ պայքարի ջանքերը` ամրապնդելով թափանցիկութիւնը, վստահութեան վերականգնման ու միջազգային արժեչափերը յարգելու համար ելեւմտական ոլորտին մէջ հսկողութեան օրէնքներու գործադրութեան ճամբով:

Քննարկուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ տարբեր շրջաններու մէջ կայունութեան աջակցելու եւ պետութեան իշխանութեան ամրապնդման համար լիբանանեան բանակին տեղակայումը, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստներուն ու օդակայանին մէջ պետութեան իշխանութեան ամրապնդումը:

Լիբանանեան աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը լիբանանցի պաշտօնատարներուն ուղղած է «խիստ ու յստակ» պատգամ` անոնցմէ «տարեվերջէն առաջ իսկական քայլեր» պահանջելով:

«Լիբանանեան իշխանութիւններէն նաեւ պահանջուեցաւ դրամներու լուացման ու պատրաստ գումարի վրայ հիմնուած տնտեսութեան դէմ պայքարիլ եւ «Քարտ Հասան»-ը փակել», աւելցուց պաշտօնատարը:

 

Նախորդը

Սալամ. «Քանդումին Պատասխանատուն Ես Չեմ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն` Ամերիկեան Պատուիրակութեան. «Բանակցութիւնը Պատշաճ Մթնոլորտի Կարիք Ունի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.