Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային  Ներխուժման Դէմ Ենք Եւ Լրջօրէն  Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Կ՛աշխատինք»

Դիւանագիտական Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին. Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր Միջնորդի Դեր Խաղալ, Այլ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ուղղակի Ըլլան

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Բանակցութեան վերաբերեալ Լիբանանի առաջարկը կը շարունակէ ոչ ամբողջական մնալ, որովհետեւ պահանջուածը քաղաքական ներկայացուցչութեան ճամբով Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնն է»: «Ամերիկան չ՛ուզեր միջնորդի դեր խաղալ եւ չ՛ուզեր, որ բանակցութիւնը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ճամբով ըլլայ, այլ` ուղղակի», նշած են աղբիւրները: «Լիբանանի Իսրայէլէն որեւէ քայլ խլել պահանջելը Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի կողմէ մերժուած է, եւ առանց որեւէ...

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի  Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ գործադրելու սահմանափակ յարձակողական գործողութիւն մը, որ կը ներառէ շարք մը շրջաններու, մասնաւորաբար Պեքայի եւ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տարածուած զէնքի արտադրութեան դիրքերու վրայ շարք մը օդային յարձակումներ: Ըստ օրաթերթին, իսրայէլեան բանակին հարուածելիք դիրքերը գետնի տակ կամ բնակուած շրջաններու մէջ գտնուող ենթակառոյցներ են, որոնք Հըզպալլայի կողմէ կ՛օգտագործուին նախնական...

Հաժժար. «Յանձնառու Ենք Քաղաքապետական  Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Անոնց  Ճշդուած Ժամկէտին` Յառաջիկայ Մայիսին Կատարելու»

Հաժժար. «Սէուտական Արաբիոյ Քայլը Լիբանանի Բարգաւաճման Ճամբուն Սկիզբն Է»

Ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սէուտցի եղբայրները Լիբանանի մէջ միշտ ողջունելի են»: «Սէուտական Արաբիոյ քայլը ամբողջ աշխարհին համար լաւ քայլ մըն է, եւ Լիբանանի բարգաւաճման ճամբու սկիզբը», յայտարարեց Հաժժար: «Մտավախութիւններ չունինք, այլ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կամքը ունինք», ըսաւ ան: «Պետութեան իշխանութեան տարածման եւ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարելու համար մեծ...

Ռասամնի. «Ճամբաներն Ու Կամուրջները  Վերանորոգելու Ազգային  Ծրագիրի Մեկնարկը Տուինք»

Ռասամնի. «Կը Զօրակցիմ Իսրայէլի Հետ Բանակցութեան, Որուն Ձեւը Պաշտօնատարները Կը Ճշդեն»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի յայտնեց. «Նախարարութեան մէջ քաղաքապետութիւններուն հետ պէտք եղած ձեւով, թափանցիկութեամբ եւ արդարութեամբ գործեցինք»: Ան այս մասին յայտարարեց «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին: «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութեան կը զօրակցիմ, որովհետեւ ի շահ երկրին է, իսկ ինչ կը վերաբերի անոր ուղղակի կամ անուղղակի ձեւին, ապա այդ մասին որոշումը պատասխանատուները կը ճշդեն», նշեց Ռասամնի:  ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտերկրի լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` շտապելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրուելու: Նախարարութիւնը նշեց, որ արձանագրուածներուն թիւը հասած է 55548-ի: Արձանագրուողներու մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Ֆրանսայի մէջ, որուն կը յաջորդեն Գերմանիան, Քանատան, Միացեալ Նահանգները, Աւստրալիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Փղոսկրեայ Ափունքը եւ Սէուտական Արաբիան: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Փարիզ կը զգայ իսրայէլեան սպառնալիքներու մագլցումին կողքին հիմնական...

Նախագահ Աուն Ընդունեց  Մաքրոնի Խորհրդականը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Մաքրոնի Խորհրդականը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի քաղաքական խորհրդատու Անն Քլեր Լը Ժանտրը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Նախագահ Աուն նշեց. «Այն, ինչ որ լիբանանեան բանակին կ՛արգիլէ Լիթանի գետէն հարաւ մինչեւ միջազգային սահման տեղակայուիլ, լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակումը, թշնամական արարքներու շարունակումը եւ նոյեմբեր 2024 թուականին յայտարարուած համաձայնութիւնը չգործադրելն է»: Աուն շեշտեց, որ բանակին...

Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին`  «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային  Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով

Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին` «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հովանաւորեց բացման հանդիսութիւնը «Դէպի Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ազգային ռազմավարութիւն» խորագիրին տակ ազգային խորհրդաժողովին, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան  նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, Քաթարի, Օմանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Մարոքի, Պաղեստինի, Յորդանանի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Նետերլանտներու, Հայաստանի, Սերպիոյ, Իտալիոյ, Հնդկաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի ներկայացուցիչներ: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ....

Հաժժար. «Մեր Բռնագրաւուած Հողերու  Ազատագրումն Ու Իսրայէլեան Յարձակումներու  Դադրեցումը Անսակարկելի Ազգային  Առաջնահերթութիւն Են»

Հաժժար. «Մեր Բռնագրաւուած Հողերու Ազատագրումն Ու Իսրայէլեան Յարձակումներու Դադրեցումը Անսակարկելի Ազգային Առաջնահերթութիւն Են»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար «Լիբանանի մէջ երթեւեկի անվտանգութիւն» նիւթով խորհրդաժողովի ընթացքին իբրեւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այսօր կը դիմագրաւենք գլխաւոր մարտահրաւէր մը, որ, առ ի գործադրութիւն սահմանադրութեան կէտերուն, առ ի յարգանք Լիբանանի գերիշխանութեան ու ազգային միասնականութեան, եւ ամրապնդելու համար անոր նկատմամբ ներքին ու արտաքին վստահութիւնը, պետութեան իշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն...

Հասպանի. «Հըզպալլայի Իր Զէնքը Չյանձնելու Վրայ  Պնդելը Լիբանանը Վտանգի Կ՛ենթարկէ Եւ Որեւէ  Նախաձեռնութիւն Ձախողութեան Կը Մատնէ»

Հասպանի. «Հըզպալլայի Իր Զէնքը Չյանձնելու Վրայ Պնդելը Լիբանանը Վտանգի Կ՛ենթարկէ Եւ Որեւէ Նախաձեռնութիւն Ձախողութեան Կը Մատնէ»

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի իր զէնքը չյանձնելու վրայ պնդելը, պարծենալը, թէ իր ուժերը վերականգնած է եւ ըսելը, թէ 27 նոյեմբեր 2024-ի զինադադարի համաձայնութիւնը բացառապէս Լիթանի գետի հարաւը գտնուող զէնքի յանձնումին կը վերաբերի, բան մը, որ նոյնիսկ չէ կատարած, Լիբանանը վտանգի կ՛ենթարկէ, եւ որեւէ նախաձեռնութիւն, եգիպտական ըլլայ ան, ֆրանսական կամ որեւէ այլ կողմի, ձախողութեան կը...

Պասիլ. «Գործ Ունինք Անզօր Եւ Իր Հրամանները  Դուրսէն Ստացող Քաղաքական Իշխանութեան Հետ»

Պասիլ. «Գործ Ունինք Անզօր Եւ Իր Հրամանները Դուրսէն Ստացող Քաղաքական Իշխանութեան Հետ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Պետութեան գերիշխանութեան եւ զէնքը բանակին մենաշնորհը դարձնելու մասին կը խօսին, ինչ որ բնական է: Արդեօք հարց կու տա՞ն, թէ բանակին ի՛նչ կը տրամադրեն, որպէսզի այդ առաքելութիւնը կատարէ, երբ բաւարար պենզին, անդամ կամ սարք չունի պարեկութիւն կատարելու համար»: Ան ըսաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը լիբանանեան բանակի քաղաքական մարմինն է եւ կարող...

Մամտանի Ծագումով Լիբանանցի Ֆլէյհանը  Նշանակեց Նիւ Եորքի Փոխքաղաքապետ

Մամտանի Ծագումով Լիբանանցի Ֆլէյհանը Նշանակեց Նիւ Եորքի Փոխքաղաքապետ

Նիւ Եորքի քաղաքապետ ընտրուելէն հինգ օր ետք, Զոհրան Մամտանի ծագումով լիբանանցի, փորձառու քաղաքագէտ Տին Ֆլէյհանը նշանակեց Նիւ Եորքի փոխքաղաքապետի պաշտօնին: Մամտանի Ֆլէյհանը իր գլխաւոր աջակիցը դարձնելով, աւելի քան 40 տարիներ Նիւ Եորքի նահանգային կառավարութեան մէջ աշխատած վեթերան քաղաքագէտին կը վստահի քաղաքի առօրեայ աշխատանքներու կառավարումը, ինչպէս նաեւ անոր 120 միլիառ տոլարի պիւտճէն:    

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Միշել Իսա ուրբաթ օր կը հասնի Լիբանան, երկուշաբթի օր հանդիպում կ՛ունենայ նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, եւ այս առաջին հանդիպումին մէջ Լիբանանի հետ բանակցութեան թղթածրարին վերաբերեալ իսրայէլեան որեւէ պատասխան պիտի չներկայացնէ: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ». «Պետական կեդրոններու օրակարգին վրայ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան...

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին  Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն խմբագիրներու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին Իսրայէլէն չստացաւ որեւէ պատասխան` հողի ազատագրման համար իր առաջարկած բանակցութեան ընտրանքին մասին: «Ուժի տրամաբանութիւնը այլեւս օգուտ չունի, եւ պէտք է տրամաբանութեան ուժին դիմենք», ըսաւ ան: «Եթէ անկարող էինք պատերազմի դիմելու, պատերազմը մեզ արհաւիրքներ պատճառեց, եւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի կարգաւորումներու ալիք մը, ի՞նչ ընենք», հարց տուաւ...

Պքերքէի Մէջ .  Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցիները` Հաստատելով Դատական Իշխանութիւններուն Հանդէպ Յարգանքի Կարեւորութիւնը

Պըրրի. «Հարաւային Լիբանանին Սպառնացող Իսրայէլեան Վտանգները Բոլոր Լիբանանցիներուն Կը Սպառնան»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Լիբանանը Լիբանան պիտի չըլլայ առանց շրջանին մէջ միասնականութեան ու համակեցութեան իւրայատուկ տարազին, որ Իսրայէլի ցեղապաշտութեան հակառակ պատկերը կը ներկայացնէ»: «Իսրայէլեան սպառնալիքները, որոնք հարաւային Լիբանանը վտանգած են ու կը շարունակեն վտանգել, բոլոր լիբանանցիներուն սպառնացող վտանգներ են, եւ վերջիններէս կը պահանջուի այդ վտանգներուն, մարտահրաւէրներուն եւ հետեւանքներուն նկատմամբ ազգային մօտեցում ցուցաբերել», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը: Պըրրի կոչ ուղղեց, որ...

Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման  Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»

Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»

Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քաղաքական բեմի վրայ խորհրդարանական աշխատանքը խանգարող պատճառները բազմազան են, եւ լիբանանցիները տակաւին զանոնք կը յայտնաբերեն իւրաքանչիւր գործընթացի կամ իւրաքանչիւր փուլի սկիզբի ընթացքին, ինչպէս որ է պարագան ներկայիս քաղաքական բազկամարտին մէջ խորհրդարանական ընտրութեան օրէնքին շուրջ, ինչ որ խորհրդարանի առաքելութիւնը կը խափանէ եւ օրէնքներու որդեգրումը կ՛առկախէ»: Երեսփոխանը ըսաւ, որ ընտրական օրէնքը բարեփոխուած կերպով...

Պայրագտարեան. «Մեր Նպատակը Ազգային  Մարմնակրթութիւն Մըն Է, Որ Կը Նպաստէ  Տնտեսութեան Եւ Կը Վերականգնէ  Լիբանանի Իսկական Պատկերը»

Պայրագտարեան. «Մեր Նպատակը Ազգային Մարմնակրթութիւն Մըն Է, Որ Կը Նպաստէ Տնտեսութեան Եւ Կը Վերականգնէ Լիբանանի Իսկական Պատկերը»

Լիբանանի մէջ աննախադէպ քայլով մը երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, գործակցութեամբ Քաթարի զարգացման ֆոնտի բարգաւաճման ու խաղաղութեան համար մարմնակրթութեան ծրագիրին, այսօր Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Լիբանանի մէջ ազգային մարմնակրթութեան ռազմավարութեան ուղղութեամբ» խորագիրով ազգային խորհրդաժողով մը, որուն կը մասնակցին Բրիտանիայէն, Սպանիայէն ու Սերպիայէն նախկին նախարարներ եւ Հարվըրտ ու Սորպոն համալսարաններէն փորձագէտներ: Երիտասարդութեան...

Միւֆթի Տրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Պետութիւնը  Փտածութեան Եւ Զէնքի Ձեռքէն Վերստանձնելու

Միւֆթի Տրիան. «Իսրայէլ Պիտի Չկարենայ Կազայի Բնակիչներուն Կամքը Կոտրել»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Պոլսոյ մէջ Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւններու «Կազայի համար» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան ընթացքին նշեց. «Կազայի մէջ մեր ժողովուրդին վրայ սիոնական յարձակումի առաջին պահէն ոչ իսկ պահ մը տատամսեցանք մեր կեցուածքներուն ու յայտարարութիւններուն մէջ անոր թիկունք կանգնելէ, այլ Կազայի սիրտ հասանք մեր ժողովուրդին հետ ըլլալու համար»: «Տար Ֆաթուայի մէջ մենք ոչ թէ տարիներէ, այլ տասնամեակներէ ի...

Միւֆթի Քապալան. «Երկիրը Պատմական  Փորձութենէ Կ՛անցնի Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Սրբութիւն Սրբոց Է»

Շէյխ Քապալան. «Այս Երկրի Հիմնարար Ազգային Հաւասարակշռութիւնը Կը Պահանջէ, Որ «Բոլորը Յաղթեն Կամ Բոլորը Պարտուին»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան նշեց. «Ոմանք պէտք է հասկնան, թէ երկիրը կարիքը ունի ազգային հաւասարակշռութիւնը իբրեւ կառավարական կառոյցի հիմք ամրագրելու, մասնաւորաբար նահանգներու մակարդակով պետական պաշտօններու ընտրութիւնը ձախող է, այդ ալ չափազանց բացայայտ կերպով, իսկ խնամակալութիւնը իր տարբեր ծածկոյթներով կը հարուածէ Լիբանանի գոյութենական արժէքը»: «Ոմանց հաշուարկները, որոնք հիմնուած են անոնց կողմէ շրջանային փոփոխութիւններ նկատուածին վրայ, լուրջ սխալ են: Լիբանանի գերիշխանութիւնն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Սպասումը մեծ է, որովհետեւ բոլորը կը սպասեն պատուիրակներու բերելիք ուղերձներուն, եւ իր մէջ հաւատքի ուղերձ պարունակող պապի այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին»: . ԾՈՑԻ շրջանէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պէյրութ հասաւ սէուտական խորհուրդ մը, թէ պէտք է արագօրէն ընթանալ դէպի զէնքի մենաշնորհում եւ ուղղակի բանակցութիւններ` հեռու մնալով ձգձգումէն եւ նշաձողի բարձրացումէն, որովհետեւ այլընտրանքին գինը սուղ պիտի...

Աուն. «Մեր Բարեկամ Պետութիւններէն  Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու Խնդրանքը  Մինչեւ Հիմա Դրական Արդիւնք Չունի»

Աուն. «Մեր Բարեկամ Պետութիւններէն Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու Խնդրանքը Մինչեւ Հիմա Դրական Արդիւնք Չունի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց. «Լիբանան բարեկամ պետութիւններէն օգնութիւն խնդրեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի յարգէ համաձայնութիւնը, սակայն մինչեւ հիմա դրական արդիւնքի չհասանք»: Նախագահ Աուն այս մասին յայտնեց, մինչ իր պուլկարացի պաշտօնակից Ռոմին Ռատեւի պաշտօնական հրաւէրին ընդառաջելով Պուլկարիա պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ կը շարունակէ Սոֆիայի մէջ իր պաշտօնական հանդիպումները: Ան այս ծիրին մէջ այցելեց Պուլկարիոյ վարչապետ Ռոզին Ժիլիազքովի: Վերջինս ողջունեց...

Page 75 of 986 1 … 74 75 76 … 986

Արխիւներ