Երկուշաբթի օրուընէ ի վեր Լիբանանի մէջ յառաջացած անտառային հրդեհները տարածուեցան հարաւային Լիբանանի Ժեզզին գաւառին մէջ Պքասինի անտառ, որ Միջին Արեւելքի մէջ սնոպարի մեծագոյն անտառը կը նկատուի:
Իքլիմ Խարրուպի եւ հարաւային Լիբանանի շարք մը շրջաններու մէջ երկուշաբթի օր յառաջացած հրդեհները շարունակեցին աւեր գործել:
Հովի զօրանալուն պատճառով մասնաւորաբար մեծ են Մթըլլէ, Ժալիլիա, Թալլեթ Հասրութ եւ Զաարուրիէ գիւղերու մերձակայքին մէջ գտնուող անտառային հրդեհները:
Ժարմաքի շրջանին մէջ հրդեհը ծագած է իսրայէլեան օդային յարձակումներուն պատճառով:


