Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հանդիպում ունեցաւ Սպիտակ տունէն, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն պատուիրակութեան մը հետ: Կիրակի գիշեր Պաապտայի պալատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Լիբանան խստօրէն կը կիրարկէ դրամներու լուացման, մաքսանենգման կամ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման համար օգտագործման դէմ քայլերը, ինչպէս նաեւ խիստ կերպով կը պատժէ ելեւմտական յանցագործութիւններու բոլոր տեսակները:
Նախագահ Աուն նշեց, որ ելեւմտական քայլերուն զուգահեռ լիբանանեան բանակն ու ապահովական մարմինները աշխատանք կը տանին հետապնդելու ահաբեկչական բջիջները եւ անոնց անդամները փոխանցելու դատական համապատասխան ատեաններուն, այդպիսով ձախողութեան մատնելով լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելու որեւէ փորձ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ընթացող հաղորդակցութիւններուն եւ Լիբանանը իր տնտեսական ներկայ կացութենէն դուրս բերելու համար ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու կարելիութիւններուն:
Ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, նախագահ Աուն ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի դադրեցնէ Լիբանանի դէմ իր շարունակուող յարձակումները, յարգէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ անցեալ տարի գոյացած համաձայնութիւնը, ինչ որ կը յանգեցնէ լիբանանեան բանակի մինչեւ հարաւային սահմաններ տեղակայման եւ բանակի զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի գործադրութեան:
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց, որ իր բազմիցս յայտարարած բանակցութեան ընտրանքը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, թէ պատերազմը որեւէ արդիւնքի չյանգեցաւ, սակայն բանակցութիւնը կարիքը ունի պատշաճ մթնոլորտի, նախ եւ առաջ թշնամական արարքներու դադրեցման եւ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման` նշելով, որ այս ընտրանքը Միացեալ Նահանգներու եւ այլ պետութիւններու աջակցութիւնը կը վայելէ:
Ամերիկեան պատուիրակութիւնը իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովութեան կայունութեան հաստատման համար Լիբանանին օգնելու եւ աջակցելու լիբանանեան բանակին, որպէսզի պետութեան իշխանութիւնը տարածէ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ, ջնջէ զինեալ երեւոյթները, եւ ապահովական օրինական ուժերը կարենան իրենց դերը ամբողջական կերպով կատարել:


