Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 12, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդական Անն Քլերի այս շաբաթ սպասուող այցելութիւնը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բանակցելու համար է Հըզպալլայի զինաթափման թղթածրարէն սկսեալ նիւթերուն շուրջ, որոնց մէջ Ֆրանսան ներգրաւուած է»:

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի դիւանագիտական տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանան ոչ միայն ամերիկեան ճնշումի կ՛ենթարկուի, այլ նաեւ Ծոցի շրջանէն ճնշումի` գործադրելու համար բարեկարգումները, նկատի ունենալով, որ բարեկարգումը զէնքի նիւթին հաւասար կարեւորութիւն ունեցող նիւթ մըն է»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլ տակաւին չյստակացուց, եթէ կ՛ուզէ այս մագլցումին ճամբով Լիբանանը մղել նոր բանակցութիւններու, որոնք կ՛անտեսեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումն ու թշնամական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութիւնը, կամ տակաւին կը վարուի իր սովորական գործելաոճով, որ հիմնուած է ուժի ամբարտաւանութեան վրայ»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատարը վերջին նիստի ընթացքին նախարարաց խորհուրդին կոչ չուղղեց` գործադրութեան դժուարութիւններուն պատճառով զէնքի մենաշնորհման ծրագիրին վրայ աշխատանքը դադրեցնելու, այլ բացատրեց, թէ բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ, եւ Հըզպալլան կը գործակցի, սակայն յարձակումները կը շարունակուին»:

. ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ երկու աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Դամասկոս Լիբանանի մէջ սուրիացի կալանաւորուածներու թղթածրարին մէջ մեծ յոյս կը կապէր սէուտական միջնորդութեան, եւ այդ թղթածրարին նկատմամբ լիբանանեան դիրքորոշումը ընդհանուր առմամբ դրական չէր»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Գերմանական նախաձեռնութեան ետին կանգնող ռազմավարական դրդապատճառը նաեւ առնչուած է հետզհետէ եւրոպական այն մտահոգութեան, թէ Միջին Արեւելքը կրնայ անգամ մը եւս վերածուիլ բռնկումի վայրի, որ ուղղակի կերպով կը վտանգէ եւրոպական շահերը, ըլլայ ուժանիւթի կամ անվտանգութեան ոլորտին մէջ»:

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան ահաբեկչութեան հարցերու տեղակալ Ճոն Հըրլի. «Լիբանանցի ժողովուրդը իր ապագան իր ձեռքով գծելու պատմական առիթի առջեւ կանգնած Է, սակայն ատիկա կախեալ է իրանեան ֆինանսաւորման դադրեցումէն եւ Հըզպալլայի տիրապետութեան վերջ տալէն»:

 

Նախորդը

Խաչատուրեան Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ Քննարկած Է Համագործակցութեան Ընդլայնման Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Երկուշաբթի Յառաջացած Հրդեհը Տարածուեցաւ Դէպի Պքասինի Անտառ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.