Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ պատասխանելով Հըզպալլայի հինգշաբթի օր հրապարակած բաց նամակին շեշտեց, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը վերապահուած է լիբանանեան պետութեան, եւ անոր հաստատութիւններէն դուրս որեւէ կողմ այդ իրաւունքը չունի: Սալամ ճարտարագիտութեան վեհաժողովին իր մասնակցութեան ընթացքին ըսաւ, որ կառավարութիւնը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու յստակ որոշում մը տուաւ, եւ այդ որոշումի գործադրման համար բանակին մշակած ծրագիրը կ՛ընթանայ որոշակի փուլերու հիմամբ, եւ տակաւին...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Բոլոր միջոցները պիտի օգտագործենք արգելք հանդիսանալու համար, որ Հըզպալլա Լիբանանին եւ շրջանին սպառնայ»: «Այսուհետեւ Իրանին եւ Հըզպալլային կարելի չէ արտօնել Լիբանանը գերի պահել», շեշտեց նախարարութիւնը: «Պիտի շարունակենք բոլոր միջոցները օգտագործել, որպէսզի Հըզպալլան լիբանանցի ժողովուրդին վտանգ չներկայացնէ», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը յանձնառութիւն յայտնեց «Իրանի կողմէ Հըզպալլայի գաղտնի ֆինանսաւորումը բացայայտելու...

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց հինգշաբթի երեկոյեան Իսրայէլի` հարաւային Լիբանանի վրայ շղթայազերծած օդային «վայրագ» յարձակումները: Նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց «Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն լիբանանեան օրինական Դիմադրութեան եւ իր գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնն ու հողային ամբողջականութիւն պահպանելու այդ երկրին ջանքերուն»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց «սիոնական բռնագրաւումին պատերազմներ հրահրող քաղաքականութեան դիմակայման, զայն հաշուետուութեան ենթարկելու եւ պատժելու ՄԱԿ-ի, միջազգային ընտանիքի եւ շրջանի...

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամին Կը Փորձէ  Խլել Այն Զէնքը, Որ Լիբանանը Կը Պաշտպանէ»

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամին Կը Փորձէ Խլել Այն Զէնքը, Որ Լիբանանը Կը Պաշտպանէ»

Եմէնի Անսարուլլա շարժումի ղեկավար սէյիտ Ապտելմալեք Հուսի նշեց. «Իսրայէլացի թշնամին կը փորձէ խլել այն զէնքը, որ Լիբանանը կը պաշտպանէ, եւ այն զէնքը, որ անոր երկու տարիէ ի վեր արգելք կը հանդիսանայ Կազան վերահսկողութեան տակ առնելու»: Ան Պէյրութի մէջ Արաբական ազգային 34-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին տեսակապով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին բոլորին կը յայտարարէ, թէ կ՛ուզէ Միջին Արեւելքը փոխել եւ...

Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»

Շէյխ Քապալան. «Իսրայէլ Բացարձակ Չարիք Է, Իսկ Անկէ Աւելի Մեծ Չարիքը Անոր Հետ Բանակցիլն Է»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան նշեց. «Այն, ինչ որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, բացառապէս գերիշխանական աղէտ է եւ սիոնական բացայայտ ահաբեկչութիւն»: «Լիբանան երբեք սիոնական պիտի չըլլայ», յայտարարեց ան: «Պիտի չորդեգրուի ընտրական որեւէ օրէնք, որ կը հակասէ հարաւային Լիբանանի, Պեքայի եւ Հարաւային արուարձաններու, Լիբանանի ժողովուրդին կէսը կազմող ժողովուրդին շահերուն: Ընտրական օրէնքները, որոնք Լիբանանի թշնամին են, այս երկրին մէջ տեղ չունին,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթ. «Բացառուած չէ, որ Իսրայէլ շղթայազերծէ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ Հըզպալլայի թիրախներու դէմ քանի մը օրուան վրայ երկարող կանխարգելիչ գործողութիւն մը»: . ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ զինուորական պատասխանատու մը. «Եթէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլան չկազմաքանդէ, Իսրայէլ ամերիկեան աջակցութեամբ յարձակում պիտի գործէ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն, որոնց շարքին` Պէյրութի մէջ կուսակցութեան դիրքերուն վրայ»: . «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Իսրայէլ կը պնդէ զինուորական մեծ...

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց  Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու  Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն սկիզբէն առաջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը ունեցան առանձին հանդիպում մը: Նախարարաց խորհուրդը Մարուան Նաֆին նշանակեց Պէյրութի նաւահանգիստի ղեկավարման համար առժամեայ յանձնախումբի նախագահ, ինչպէս նաեւ նշանակեց նշեալ յանձնախումբի վեց անդամներ: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նշեց, որ նախագահ Աուն նիստի ընթացքին յայտնած է, որ բանակցութեան տրամաբանութիւնը հիմնուած է...

Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Լիբանանցիներուն Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ. «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու Մեր Օրինական Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Հըզպալլա երէկ իշխանութեան երեք պետերուն եւ լիբանանցիներուն յղեց բաց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Զէնքի մենաշնորհման հարցը ի պատասխան արտաքին պահանջի կամ իսրայէլեան շանթաժի չի քննարկուիր, այլ ազգային ծիրին մէջ, ուր համաձայնեցուած է անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան համապարփակ ռազմավարութիւն»: «Իբրեւ հիմնադիր բաղադրիչ Լիբանանի, զոր կ՛ընդունինք իբրեւ իր զաւակներուն վերջնական հայրենիքը, մենք կը հաստատենք բռնագրաւումին եւ յարձակումին դիմադրելու մեր...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան  Յարձակումներու Մագլցում

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Յարձակումներու Մագլցում

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք «քիչ ետք շտապ զգուշացում Հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն» յայտարարեց, որմէ ետք Թիպէ եւ Թէյր Տապպա գիւղերուն բնակիչները զգուշացուց, որ Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյցներու վրայ յարձակում պիտի գործէ, եւ անոնք պէտք է կարգ մը շէնքերէ հեռանան: Իսրայէլեան օդուժը Թէյր Տապպայի, Այթա Ժապալի ու Թիպէի մէջ շէնքեր ռմբակոծեց եւ յայտարարեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինուորական թիրախներու դէմ շարք մը...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի  12-րդ Կայանին.  Իսրայէլեան Բանակը Մօտ Օրէն Հըզպալլայի Դէմ Մարտերու Նոր Փուլի  Կարելիութեան Կը Պատրաստուի

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իսրայէլեան Բանակը Մօտ Օրէն Հըզպալլայի Դէմ Մարտերու Նոր Փուլի Կարելիութեան Կը Պատրաստուի

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, մէջբերելով պաշտօնատարներու յայտարարութիւններ, կը հաղորդէ. «Իսրայէլեան բանակը մօտ օրէն Հըզպալլայի դէմ մարտերու նոր փուլի կարելիութեան կը պատրաստուի»` աւելցնելով. «Պատրաստ ծրագիրներ գոյութիւն ունին»: «Հըզպալլային պիտի չարտօնուի իր ուժերը ամրապնդել եւ պատերազմէն առաջուան իր վիճակին վերադառնալ», կայանին ըսած են պաշտօնատարները: «Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն կռիւի վերսկսումը արգիլել», նշած են անոնք:

«Լիբանան Պէտք Է Յարգէ Նախագահ Թրամփին  Տուած Իր Խոստումները Եւ Տարեվերջէն  Առաջ Հըզպալլան Զինաթափէ»  Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Ուիլսըն

«Լիբանան Պէտք Է Յարգէ Նախագահ Թրամփին Տուած Իր Խոստումները Եւ Տարեվերջէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափէ» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Ուիլսըն

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճօ Ուիլսըն Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց` մշակելու միացեալ մեքանիզմ մը, որ կ՛արագացնէ լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող «սուրիացի քաղաքական բանտարկեալները»: Ուիլսըն «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Խօսեցայ Լիբանանի Ռումիէ բանտին մէջ գտնուող սուրիացի քաղաքական բանտարկեալներու հետ, որոնք Հըզպալլայի ցուցմունքով բանտարկուած են պարզապէս ընդդիմանալնուն համար Ասատի բիրտ վարչակարգին, որ Հըզպալլայի կողքին կը գործէր: «Լիբանանի կառավարութեան եւ Սուրիոյ...

Պայրագտարեան Այցելեց  Վարչապետ Սալամին

Պայրագտարեան Այցելեց Վարչապետ Սալամին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Պայրագտարեան այս առիթով վարչապետին յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի կաթողիկոս օծման 30-ամեակին առիթով հրապարակուած գիրքը: Հանդիպումի ընթացքին նախարարը վարչապետ Սալամի հետ քննարկեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մօտիկ ապագային գործադրելիք ծրագիրները:

Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Մէջ Հըզպալլայի  Հետ Դաշնակցելու Արգելք Չունինք»

Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Մէջ Հըզպալլայի Հետ Դաշնակցելու Արգելք Չունինք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Մեզի համար Իսրայէլի հետ ըլլայ ուղղակի կամ անուղղակի բանակցելու արգելք գոյութիւն չունի: Սակայն աւելի կարեւորը այն խաղաքարտերն են, որոնք կրնանք օգտագործել եւ երաշխիքները, որոնց կրնանք ձգտիլ: «Լիբանանին, հակառակ բանակցութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման դէմ եղող իր դիրքորոշումին, պարզապէս այդ մէկը ընդունիլը պէտք է գին ունենայ եւ ոչ թէ...

Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Լարուած Մթնոլորտին Պատճառը Պարրաքի Արտայայտած Կեցուածքներն Են»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այն, ինչ որ կրնամ ըսել, հետեւեալն է` պատերազմ չկայ»` հարց տալով. «Իսրայէլ Լիբանանի դէմ իր պատերազմը դադրեցո՞ւց»: Խորհրդարանի նախագահը տիրող լարուած մթնոլորտը վերագրեց «ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի արտայայտած վերջին կեցուածքներուն: Պըրրի յիշեցուց, որ Լիբանան ամբողջական կերպով յանձնառու է նոյեմբեր 2024-ին յայտարարուած զինադադարին` շեշտելով, որ երկիրը նաեւ յանձնառու է Մեքանիզմի յանձնախումբին...

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Նոր Պատժամիջոցներ Կը Պատրաստէ Ռուսիոյ Դէմ

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւր մը «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին. «Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի տարեվերջէն առաջ փակելու Լիթանի գետի հարաւին մէջ զէնքի մենաշնորհման թղթածրարը, միաժամանակ սկսելով Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին, որուն պիտի յաջորդէ նոր փուլ մը, որուն նպատակն է նոր տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհում կատարել»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրին յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Սուր գաւառի Թաուրա...

Ըստ «Մաարիւ»-ի.  Իսրայէլեան Բանակը Կը Սպառնայ «Հըզպալլայի  Գլխատման» Լայնածաւալ Գործողութիւն Շղթայազերծել

Ըստ «Մաարիւ»-ի. Իսրայէլեան Բանակը Կը Սպառնայ «Հըզպալլայի Գլխատման» Լայնածաւալ Գործողութիւն Շղթայազերծել

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, մէջբերելով իսրայէլեան բանակը, երէկ հաղորդեց, որ բանակը ներկայիս Հըզպալլայի կարողութիւններու «աստիճանական մաշեցման» գործողութիւն կը գործադրէ: «Հըզպալլան կրնայ մէկ ամիսէն հասնիլ Իսրայէլի գծած «Կարմիր գիծ»-ին», նշեց օրաթերթը: «Հըզպալլայի «Կարմիր գիծ»-ին հասնիլը մեզ պիտի մղէ լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծելու», կ՛աւելցնէ «Մաարիւ»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք լիբանանեան բանակին տուած է նոյեմբերի վերջաւորութեան աւարտող...

Սալամ. «Վերաշինութիւնը Ամբողջ  Կառավարութեան Համար Ազգային Առաջնահերթութիւն Է»

Սալամ. «Վերաշինութիւնը Ամբողջ Կառավարութեան Համար Ազգային Առաջնահերթութիւն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հարաւային Լիբանանի սահմանային գիւղերու խումբ մը բնակիչներ ընդունելու ընթացքին յայտարարեց. «Վերաշինութիւնը ամբողջ կառավարութեան համար ազգային առաջնահերթութիւն է»: «Կառավարութիւնը հարաւային շրջաններուն մէջ շարք մը ենթակառուցային ծրագիրներ ու հիմնական ծառայութիւններ կատարեց եւ պատրաստ է յառաջ ընթանալու անմիջապէս, որ սպասուած ֆինանսաւորումը ապահովուի, մասնաւորաբար Միջազգային դրամատունէն», ըսաւ ան: Սալամ նաեւ յայտարարեց, թէ այդ ծրագիրներուն գործադրութեան սկսելէն ետք դարձեալ հարաւ պիտի այցելէ`...

Հէյլ. «Եթէ Հըզպալլան Հրթիռներ Արձակէ,  Իսրայէլ Հակադարձելով Լիբանանը Պիտի Ռմբակոծէ»

ՀԷՅԼ. «Լիբանանի Մէջ Մագլցումի Վտանգը Տակաւին Կը Մնայ, Սակայն Անխուսափելի Չէ»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով նախկին տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան դիւանագիտական անձնակազմէն հանգստեան կոչուելէն ետք կառավարութեան անունով չի խօսիր, այլ անձնական կարծիքը կու տայ, «եւ Միջին Արեւելքի հիմնարկն է այն կողմը, որ շրջան այցելութիւնս հովանաւորեց»: Հէյլ նշեց, որ յունիսին այցելած է Լիբանան, եւ այսօր...

Անդրադառնալով Հըզպալլա-Բանակ  Բախումի Մտավախութիւններուն`  «Մենք Չենք Վախնար»  Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը

Մնասսա. «Անտրամաբանական Է, Որ Մէկ Հողի Վրայ Երկու Զէնք Ըլլայ»

Պաշտպանութեան նախարար, հազարապետ-զօրավար Միշել Մնասսա Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիական կողմին հետ համաձայնեցանք սուրիացիներուն հետ համակարգման գրասենեակին կապուած գործողութիւններու սենեակին ճամբով որեւէ խնդիրի ընդլայնումէն խուսափելու»: «Ինծի պարտականութիւն տրուեցաւ սուրիական կողմին հետ հաղորդակցութիւններու մակարդակը բարձրացնելու` այն յոյսով, որ երկու երկիրներու նախարարներուն միջեւ հաղորդակցութիւններ տեղի ունենան», ըսաւ ան: «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ մթնոլորտը շատ դրական է: Արդարադատական համաձայնութիւն...

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը  Այցելեց Պայրագտարեանի

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Այցելեց Պայրագտարեանի

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ ծանօթացման, համակարգում կատարելու եւ գործակցութեան նպատակով կ՛այցելէր նախարարին: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Պայրագտարեանի Սէուտական Արաբիա այցելութեան` ներկայ գտնուելու համար Իսլամական միասնականութեան խաղերու բացման հանդիսութեան: Քննարկուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ Լիբանան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու եւ կեանքի կոչելու կարելիութիւնները: Նախարար...

Page 77 of 986 1 … 76 77 78 … 986

Արխիւներ