Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր կատարած հարցազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձաւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան վերաբերող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքին եւ պետական ամավարկի քննարկման հոլովոյթին:
Պետական Ամավարկ
2017-ի պետական ամավարկին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան անհրաժեշտ նկատեց անոր վաւերացումը, հաստատելով, որ միջակ եւ համեստ դասակարգերուն վրայ յաւելեալ տուրքերու պարտադրումը խիստ մերժելի է: Այս շրջագիծին մէջ նախարարը յայտնեց, որ ոգելից ըմպելիներու պարագային տուրքերու յաւելումը անբաղձալի է եւ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ո՛չ միայն զբօսաշրջութեան մարզին, այլ նաեւ` այլ մարզերու վրայ:
Պետական ամավարկին մասին խօսելով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ 2017-ի պետական ամավարկին վաւերացումը կարելի չէ շուտ ակնկալել, որովհետեւ քննարկումը երկար ժամանակ կը խլէ: «Նախարարաց խորհուրդին մէջ իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ կ՛ըսեմ, որ կառավարութեան կողմէ պարտադրուելիք տուրքերը` միջակ եւ համեստ դասակարգերուն վրայ, մերժելի են, եթէ աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացուին: Իսկ քաղաքացիները պէտք է հասկնան, որ երկիրը կը նմանի սնանկացած ընկերութեան մը, որ տարեկան 5 միլիառ տոլարի նիւթական բաց մը ունի, իսկ կառավարութիւնը այդ գումարը ապահովելու անկարելիութեան դիմաց կը գտնուի», ըսաւ ան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին վրայ պարտադրուելիք տուրքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան նշեց, որ այդ տուրքերը պիտի պարտադրուին Լիբանանէն այլ երկիրներ ճամբորդութիւններու պարագային եւ ոչ թէ հակառակը, հետեւաբար անիկա ազդեցութիւն մը պիտի չունենայ Պէյրութ այցելող զբօսաշրջիկներուն վրայ:
«Ես կրնամ համաձայն գտնուիլ որեւէ տուրքի, որ չի վնասեր զբօսաշրջութեան մարզին եւ շահ կ՛ապահովէ քաղաքացիին: Ինծի համար առաջնահերթութիւնը քաղաքացին է ապա` զբօսաշրջութիւնը, նկատի ունենալով, որ այդ մարզը շահեր պիտի ապահովէ քաղաքացիին», ըսաւ ան:
Երեսփոխանական Ընտրութիւններ
Եւ Ընտրական Օրէնք
Ընտրական օրէնքին եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ մեծ թիւով քաղաքական ուժեր գոհացնող ընտրական նոր օրէնք մը պիտի մշակուի, աւելցնելով, որ պէտք է հայութեան իւրայատկութիւնը հասկնալ եւ յարգել, «որովհետեւ մենք մեր կարգին կը հասկնանք եւ կը յարգենք բոլոր համայնքներն ու անոնց իւրայատկութիւնները», հաստատեց ան:
Ա. Կիտանեան ընդգծեց յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին հայ երեսփոխանները հայկական քուէներով ընտրելու կարեւորութիւնը` պահանջելով վերադառնալ 1960-ի իսկական ընտրական օրէնքին, որուն պարագային Պէյրութի Ա. եւ Բ. շրջանները իրարմէ չեն անջատուած:
«Հայութիւնը 2000-էն ի վեր անիրաւուած է եւ լուսանցքայնացած, հետեւաբար կարիքը կայ մշակելու այնպիսի ընտրական օրէնք մը, որ անխտիր բոլոր համայնքներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ», շեշտեց նախարար Կիտանեան:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ազդու մասնակցութիւն պիտի ունենայ, ինչպիսի՛ բնոյթ ալ ունենայ ընտրական օրէնքը` մեծամասնակա՞ն թէ՞ համամասնական:
Ան զգուշացուց հայութեան շահերուն վնասող տարբեր ընտրաշրջաններ յառաջացնելէ` պահանջելով նաեւ առիթ տալ քաղաքացիին, որպէսզի ան փոփոխութեան ենթարկէ իշխող դասակարգը` զգալով, որ իր քուէն արժեւորուած է: «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ընտրական օրէնքին մասին ունի իր յատուկ տեսակէտը, որ քաղաքական թէ ընտրական իր դաշնակիցներուն տեսակէտէն կախեալ չէ», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Զբօսաշրջութեան Մարզի Աշխուժացում
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած որոշումին, որուն հիման վրայ ամերիկացի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան զգուշացում կատարուած էր, Աւետիս Կիտանեան շեշտեց, որ այդ յայտարարութիւնը քաղաքական է` աւելցնելով սակայն, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Ծոցի երկիրները, արաբ եւ եւրոպացի զբօսաշրջիկները ներգրաւելու զբօսաշրջութիւնը աշխուժացնելու իր քայլերուն մէջ:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ նախարարութիւնը դէպի Լիբանան այցելութիւններու զբօսաշրջական յատուկ փաթեթները պիտի հրապարակէ մարտի սկիզբը` լաւատեսութիւն յայտնելով Ծոցի երկիրներուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարուած խոստումներուն գծով, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան մթնոլորտի մէջ Պէյրութ այցելելու ոմանց ծրագիրներուն եւ միտումներուն մասին շօշափելի տուեալներու վրայ հիմնուելով:
Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ կարգ մը օդանաւային ընկերութիւններու կողմէ դէպի Լիբանան թռիչքները աւելցնելու քայլը, ինչպէս նաեւ պանդոկներուն մէջ տեղերու ապահովումը եւս այդ տուեալներուն մաս կը կազմեն:
«Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը, զբօսաշրջական բացառիկ ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական մարզին ունեցած բացառիկ ենթահողն ու լիբանանցիին հիւրընկալութիւնը եւ զբօսաշրջիկները առաւելագոյնս գոհ պահելու մթնոլորտը տակաւին կան եւ այս բոլորը լաւատեսութիւն կը ներշնչեն», հաստատեց Ա. Կիտանեան:
Ան նշեց, որ զբօսաշրջական յատուկ փաթեթները պիտի հրապարակուին ընկերային ցանցերու միջոցով` աւելցնելով, որ անոնք պիտի ընդգրկեն այնպիսի սակեր, որոնք կը քաջալերեն զբօսաշրջիկները այցելելու Լիբանան: «Զբօսաշրջական յատուկ փաթեթները պիտի ընդգրկեն ճամբորդական տոմսը, պանդոկ կեցութիւնը եւ օդակայան երթուդարձ: Այս փաթեթներուն սակերը պիտի ըլլան մրցակցային` բաղդատած շրջանին մէջ գտնուող այլ երկիրներու տրամադրած փաթեթներուն:
Մեր տրամադրած սակերը պիտի ըլլան ընդունելի, որպէսզի զբօսաշրջիկներուն մօտ Լիբանան այցելելու հետաքրքրութիւնը շարժեն: Այդ փաթեթներուն գործադրութիւնը պիտի կատարուի կատարեալ յստակութեամբ եւ թափանցիկութեամբ. եթէ այդ իմաստով ապօրինութիւն մը արձանագրուի, ապա կարելի է բողոքել նախարարութեան յառաջացուցած 1735 թէժ գիծին, որպէսզի նախարարութիւնը իր կարգին կարենայ տուգանքի ենթարկել օրինազանց ընկերութիւնները», հաստատեց նախարար Կիտանեան:
Զբօսաշրջութեան նախարարը ընդգծեց, որ տեղեկատուութեան նախարարութեան հետ իրենց գործակցութիւնը շատ սերտ պիտի ըլլայ` դարձեալ կոչ ուղղելով տեղեկատուական մարզը վերածելու հայրենիքի հայելիին եւ ոչ թէ քաղաքականութիւնը արտացոլացնող հայելիի, որովհետեւ վերջինս կրնայ վնաս հասցնել երկրին տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն:
Պատասխանելով Պէյրութի առեւտուրի պալատին մէջ պետական եւ սեփական մարզերու ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած ժողովին մասին հարցումի մը` Աւետիս Կիտանեան յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ երկրորդ հանդիպում մը կազմակերպելու, աւելցնելով, որ երկրորդ հանդիպումը խորհրդաժողովի ձեւաչափով պիտի կատարուի միօրեայ կամ երկօրեայ դրութեամբ:
Այդ խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին այն նախարարութիւնները, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են զբօսաշրջական մարզին` նպատակ ունենալով բարելաւել այդ մարզին գործունէութիւնը: «Այս մասին ունիմ շուկայադրումի յատուկ պատկերացում մը, որ կը վերաբերի «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան եւ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ին: Այդ պատկերացումը ներկայացուցած եմ կառավարութեան նիստին եւ կը մաղթեմ, որ անիկա դրական ըլլայ նաեւ խորհրդաժողովին ընթացքին` նկատի ունենալով այս զոյգ ընկերութիւններուն ապահոված հսկայ շահերը եւ անոնց գործունէութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու ձեւը այնպիսի եղանակով մը, որ լիբանանեան պետութիւնը իր կարգին կարենայ օգտուիլ այդ շահերէն», ընդգծեց նախարար Կիտանեան:
Կիտանեան Կ՛ընդունի Յորդանանցի
Իր Պաշտօնակիցը
Ա. Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց յորդանանցի իր պաշտօնակիցը` Լինա Այնապ, ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի:
Այնապի ընկերակցեցան Յորդանանեան զբօսաշրջութեան աշխուժացման խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Ռազզաք Արապիաթ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուայ Այուպ եւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Նեպիլ Մասարուէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող:
Հանդիպումէն ետք Այնապ յայտնեց, որ իրենք ուրախ են իրենց երկրորդ հայրենիքը` Լիբանան կատարած այցելութեամբ, նշելով, որ այդ այցելութեան նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան բարելաւումն ու աշխուժացումն է` օգտագործելով միացեալ ծրագիրներ:
«Այս շրջագիծին մէջ յատուկ հանդիպումներ պիտի ունենանք սեփական մարզին հետ` բարելաւելու համար կրօնական զբօսաշրջութիւնը: Այս առիթով հանդիպում մը պիտի ունենանք նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ», ըսաւ ան:
Իր կարգին, նախարար Կիտանեան յորդանանցի իր պաշտօնակիցին այցելութիւնը նկատեց կարեւոր եւ հիմնական քայլ մը, որովհետեւ երկու պետութիւնները կրնան իրենց կարողութիւնները մէկտեղել` զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու նպատակով, «յատկապէս նկատի ունենալով, որ թէ՛ Յորդանան, թէ՛ Լիբանան կրօնական զբօսաշրջութեան տուեալներով օժտուած են եւ այդ զբօսաշրջութիւնը միացեալ կերպով կարելի է մատուցել Արեւմուտքին, Ծոցի երկիրներուն եւ արաբական երկիրներուն: Իսկ կրօնական զբօսաշրջութեան առանցքը կրնայ մէկ ըլլալ` սկսելով Յորդանանէն, վերջանալով Լիբանանի մէջ», յայտնեց Ա. Կիտանեան:
Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութեան եւ նախարար Այնապի այցելութեան լոյսին տակ մենք կոչ կ՛ուղղենք յորդանանցի մեր եղբայրներուն, յատկապէս զբօսաշրջիկներուն` վերաշխուժացնելու Լիբանան կատարած իրենց այցելութիւնները, որոնք համեմատաբար նուազած էին շրջանին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն պատճառով:
Նախարար Կիտանեան ըսաւ նաեւ, որ իրենք քննարկած են Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` յատկապէս սեփական մարզին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցի եւ յորդանանցի զբօսաշրջիկները մղել փոխադարձ այցելութիւններ կատարելու եւ երկու երկիրները վերադարձնելու համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէս: