Օրըստօրէ լիբանանեան հրապարակը կը վերադառնայ քաղաքական ու սահմանադրական իր բնականոն հունին: Այս երեւոյթը առաւել եւս կ՛ամրապնդուի դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռի լոյսին տակ: Արդարեւ, Յորդանանի զբօսաշրջութեան նախարար Լինա Անապի Պէյրութ այցելութենէն ետք, երէկ Լիբանան հասաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու, Ազգային ճակատ կուսակցութեան նախագահ Մարին Լը Փեն: Եւ եթէ յորդանանցի նախարարին այցելութիւնը հիմնականին մէջ կու գայ զբօսաշրջական նախաձեռնութեամբ` ֆրանսացի հիւրը սակայն ի մտի ունի քաղաքական հեռանկարներ: Նոյն ծիրին մէջ, Լիբանան կ՛այցել է նաեւ ամերիկեան ծերակոյտի արտաքին հարցերու յանձնախումբի օգնական, հանրապետական ծերակուտական Քրուքըր, որուն պիտի յաջորդէ ամերիկացի զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուի մը Լիբանան այցելութիւնը: Վերջինիս խորհրդակցութիւնները պիտի կեդրոնանան առաւելաբար քաղաքական զօրակցութեան եւ լիբանանեան բանակի զինուորական օժանդակութեան քայլերուն վրայ:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք այսօր կէսօրէ ետք պիտի ընդունի թրքական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը:
Դիւանագիտական այս եռուզեռին առընթեր, նախագահ Միշել Աունի պատասխան կեցուածքը` հասցէագրուած Իսրայէլին, նախընթաց մըն էր լիբանանեան քաղաքական ընտրանիի կեցուածքներուն մէջ: Փաստօրէն առաջին անգամն է, որ լիբանանցի գերագոյն ղեկավար մը հրապարակաւ կը շեշտէ Լիբանանի քաղաքական ընտրանքը` 1948-էն ի վեր Իսրայէլի հետ շարունակուող տագնապին գծով, հեռու` շրջանային թէ միջազգային արեւելումներու «տուրք»-էն: Աւելի՛ն, նախագահ Աուն իր դրսեւորած յստակ կեցուածքով Իսրայէլի հետ տագնապը իր գաղափարական պարունակէն փոխանցեց սկզբունքային կեցուածքի, ինչպէս հաստատեց երէկ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի` պատկերասփռուած յայտարարութեան մը ընթացքին:
Ընտրական Օրէնքն Ու Պետական Պիւտճէն` Կիզակէտ
Երկրի արտաքին քաղաքական ենթահողը ամրագրող քայլերու մթնոլորտին զուգահեռ, նոյնքան վճռական կեցուածք կ՛արձանագրուի նաեւ ներքին ճակատի վրայ, միաժամանակ գրեթէ բոլոր մակարդակներուն վրայ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր, օրինակ` ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Ապպասի յայտարարութիւնը Անկոլայէն, թէ «ոչ մէկ պայմանի տակ Լիբանան պիտի կքի ահաբեկչութեան դիմաց»:
Իսկ քաղաքական սահմանադրական ժամկէտներու իրագործման առնչութեամբ նոյնքան ուշագրաւ էր երէկ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն երեսփոխան Ալի Ֆայեատի կեցուածքը, թէ Հըզպալլա տեղի պիտի չտայ սին պատրուակներու դիմաց եւ վճռական կեցուածքով պիտի դիւրացնէ սահմանադրական ժամկէտներու իրագործումը:
Այս ծիրին մէջ կառավարութիւնը յաջորդական երեք նիստերու քննարկումով պիտի վճռէ պետական ամավարկի հարցը, որ առկախուած է աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր: Պիւտճէի այս երկարաշունչ մարաթոնային քննարկումը կը վերագրուի պատկան կողմերու ցուցաբերած նախանձախնդրութեան` ձերբազատելու երկարատեւ փտածութենէն: Միաժամանակ այդ կողմերը նախանձախնդիր են պիւտճէն զերծ պահելու առանց այդ ալ քաղաքացիներու օրապահիկը «կլանող» տուրքերու «մղձաւանջ»-էն:
Ընտրական Օրէնքը` 21 Փետրուարի Ժամկէտի Սեմին
Աւելի քան որեւէ ժամանակ, պատկան կողմերը մտահոգ են սահմանադրական այս ժամկէտի ձգձգման հաւանականութեան հետեւանքներէն:
Փաստօրէն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին ստորագրեց եւ նախարարաց խորհուրդին յղեց ընտրական պատկան խորհուրդներու առնչուող շրջաբերական որոշումը, որ սակայն ըստ կարգ մը երեսփոխաններու կրնայ չստորագրուիլ հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Այլ խօսքով` ընտրական օրէնքի վճռումը կ՛արգելակեն գործնական ու քաղաքական ազդակներ:
Գործնապէս անհրաժեշտ նիւթական յատկացումներն ու ընտրական պատշաճ մարմինները ցարդ պատրաստ չեն, ինչ որ կրնայ 21 փետրուարի ժամկէտը երկարաձգել առնուազն վեց ամիսով, մինչեւ յառաջիկայ սեպտեմբեր:
Քաղաքականապէս եւս կողմերը ցարդ չեն յանգած վերջնական ընտրանքի` համամասնական, խառն, Միքաթիի թէ Շարպելի առաջադրած ընտրական նախագիծերուն գծով:
Այս իմաստով, յառաջիկայ օրերը, եթէ ոչ ժամերը, հիմնական կը թուին ըլլալ այս հարցի վճռումին գծով, յատկապէս ի մտի ունենալով նախագահ Աունի վճռական կեցուածքը եւ անոր «ոչ»-երը երեսփոխաններու պաշտօնավարութեան երկարաձգման թէ 1960-ի օրէնքի վերադարձին գծով: Տարբեր չէ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը այս առնչութեամբ: