Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ 21 Փետրուարին Յայտարարուած Ժամկէտի Աւարտին. Պիւտճէի Քննարկման Կողքին Ընտրական Նոր Օրէնքի Վճռումը Թիրախ` Թեր Եւ Դէմ Կեցուածքներու

February 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ժողովրդային եւ քաղաքական խաւերը յուզող ընկերային-տնտեսական հարցերու կողքին, ղեկավարներու եւ պատկան մարմիններու խորհրդակցութեանց առանցքը շարունակեցին կազմել պետական պիւտճէի եւ ընտրական օրէնքի հարցերու քննարկումները:

Այս գծով ընտրական տարբեր օրէնքներու (համամասնական, մեծամասնական, խառն, Միքաթիի, Շարպելի եւ Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքներու նախագիծեր) որդեգրման գծով թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակումը շարունակուեցաւ երէկ եւս: Այս հարցը առաւել եւս շեշտուեցաւ, յատկապէս կարգ մը կողմերու յայտարարած 21 փետրուարի ժամկէտի աւարտին եւ վարչապետ Հարիրիի ընտրական մարմինները աշխատանքի հրաւիրելու կոչի ստորագրութեան լոյսին տակ:

Այս գծով նախագահ Միշել Աուն վճռեց իր կեցուածքը` վերահաստատելով, որ «քաղաքական այս պայքարը փոփոխութեան համար է, մերժելով որեւէ (ընտրական) օրէնք, որ կը միտի ոչնչացնել կամ լուսանցքայնացնել այս երկրի փոքրամասնութիւնները»: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ ընտրական նոր օրէնքի մշակման ընտրանքին, որուն գծով քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին: Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ ստորագրել ընտրական խորհուրդներու գործուղման հրաւէր- շրջաբերականը` դիտել տալով, որ 21 փետրուարը ժամկէտ չէ եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի 20 յունիսին:

Նոյն ծիրին մէջ օրէնսգէտներ, ինչպէս` Իպրահիմ Նաժժար եւ դոկտ. Անթուան Սէյֆ, նշեցին, որ 20 մարտը կարելի է ժամկէտ նկատել` տրուած ըլլալով, որ 20 յունիսին աւարտող խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտէն առնուազն 90 օրեր առաջ պէտք է կոչ ուղղուի ընտրական խորհուրդին եւ նախապատրաստութեանց ձեռնարկումին: Խորքին մէջ, սակայն, կողմերը տարակարծիք են ժամկէտէն աւելի` ընտրական օրէնքի բնոյթին շուրջ, թէ ընտրական ո՞ր օրէնքը կրնայ օգտակար ըլլալ իրենց ներկայացուցիչներու առաւելագոյն թիւի ընտրութեան եւ հետեւաբար անդամակցութեան նորընտիր խորհրդարանի կազմին: Իսկ ծանօթ է, որ խորհրդարանը սահմանադրական եւ քաղաքական հիմնահարցերու քննարկման կողքին վճռական դեր ունի նաեւ նախագահական ընտրութեան մէջ: Այլ խօսքով` ընտրական նոր օրէնքի մշակման հիմնական հեռանկարը յաջորդ նախագահի ինքնութեան բնորոշումն է…

Նոյն ծիրին մէջ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ իր շաբաթական հերթական նիստի աւարտին վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը նախագահ Աունի կեցուածքին: Համախմբումի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց երեսփոխանական պլոքներուն` այս գծով տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան:

Քանաան իր ձեռնարկած քուլիսային հանդիպումներուն ծիրին մէջ երէկ այցելեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Հանդիպումին միացաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի: Անոնք երեքով խորհրդակցեցան ընտրական օրէնքի յարմարագոյն նախագիծին շուրջ: «Առաջին քայլը առնուած է եւ տակաւին շատ ընելիք կայ այս ուղղութեամբ», ընդգծեց նախարար Ռիաշի:

Ժոմպլաթ. «Ոչ Ոք Կրնայ Ջնջել Այլ Կողմ Մը»

Նոյն ծիրին մէջ եւ ուշագրաւ կեցուածքով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ «ոչ ոք կրնայ ջնջել այլ կողմ մը»: «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի պահուն Ժոմպլաթ ըսաւ. «Հարցը տիւրզիները կամ ոչ տիւրզիները նսեմացնել չէ, Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ ջնջել միւսը, այլ` կ՛ուզենք յանգիլ ընտրական ընդունելի օրէնքի մը, եւ եթէ այս գծով անհրաժեշտ է միաձուլել մեծամասնական եւ համամասնական դրութիւնները, ապա հարց չկայ»:

Նմանապէս` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ երեկոյեան իր համամտութիւնը յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջադրած ընտրական օրէնքի նախագիծին:

Յառաջիկայ օրերուն եւ արծարծուող ու դրսեւորուող կեցուածքներու լոյսին տակ, առաւել եւս պիտի բիւրեղանայ ընտրական նոր օրէնքի ճակատագիրը:

Պիւտճէին Գծով Քննարկումը Կը Շարունակուի

Միւս կողմէ, կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին պիտի շարունակէ պետական պիւտճէի քննարկումը կէտ առ կէտ:

Այս գծով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ պիւտճէի եւ յատկապէս աշխատավարձերու յաւելման վերաբերող տեղեկութիւնները չափազանցուած են: Նախարար Խալիլ շեշտեց, որ պիտի մերժէ քաղաքացիներու օրապահիկը «ճնշող» նոր տուրքերու որդեգրման որոշում մը:

Նախորդը

Ամերիկեան Դեսպանատան Երուսաղէմ Փոխադրութեան Պարագային «Կոչ Պիտի Ուղղեմ Արաբական Բոլոր Դեսպանատուներու Փակումին» Շեշտեց Նեպիհ Պըրրի

Յաջորդը

Արցախի Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Արցախցիներու Գերակշիռ Մասը Կողմ Քուէարկած Է

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.