
Ամերիկեան Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական ծերակուտական Ռոպըրթ Քորքըր երէկ շարունակեց իր այցելութիւնները Լիբանանի զանազան պատասխանատուներու հետ:
Ան հանդիպում ունեցաւ բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժան Քահուաժիի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի ու Լիբանանի ընդհանուր, յատկապէս` ապահովական իրավիճակն ու այս գծով լիբանանեան բանակին մարտունակութիւնն ու կարիքները:
Ապա, պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով եւ ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտի եւ լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան սպաներու, Քորքըր այցելեց Արսալի շրջանը. Ան մօտէն ծանօթացաւ տեղւոյն իրավիճակին եւ այս գծով լիբանանեան բանակի կարիքներուն` ահաբեկչական սպառնալիքներու դիմակալման առնչուող եւ խոստացաւ օժանդակել անոր` նիւթապէս եւ զինական կազմածներով:
Նաեւ` Ռայի Պատրիարքին Մօտ
Ծերակուտական Քորքըր երէկ նաեւ այցելեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, եւ միասնաբար քննարկեցին շրջանի ու Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակն ու առնչակից հարցեր:
Նշենք, որ Քորքըր ամերիկեան ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի դրամատուներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի ելեւմտական-տնտեսական եւ յարակից հարցերուն վրայ:


