
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն օրակարգի կէտերու առանցքը կազմեց պետական պիւտճէի վաւերացման մանրամասնութիւնը: Նախքան նիստին իրենց մասնակցութիւնը, նախարարներ թեր եւ դէմ արտայայտուեցան ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումի վճռումին գծով` պետական պիւտճէի ծիրին մէջ:
Նախարարաց խորհուրդի նիստը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, որմէ ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը պիւտճէի քննարկման իր նիստը պիտի շարունակէ վաղը` չորեքշաբթի եւ յառաջիկայ ուրբաթ, խորութեամբ քննելու համար առնչակից բոլոր մանրամասնութիւնները:
Բողոքի Ցոյց`
Կառավարութեան Նիստին Զուգահեռ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ արտակարգ նիստ մը գումարելով կոչ ուղղեց սեփական թէ պետական մարզերու վարժարաններու ուսուցիչներուն համախմբուելու վաղը, չորեքշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Պէյրութի Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ` պահանջելով ամսաթոշակներու սրբագրութեան վաւերացումը:
Սեփական վարժարաններու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուզ կարդաց հաղորդագրութիւնը, որ մինչեւ ընթացիկ փետրուարի վերջը ժամկէտ ճշդեց, այլապէս դասադուլի դիմելու կոչով:
Միւս կողմէ, «ամբողջ երկրին համար խորհրդարան մը» քաղաքացիական դաշինքը երէկ կառավարութեան նիստի գումարման զուգահեռ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց` պահանջելով արդար ընտրութեանց կայացումը յառաջիկայ մայիսին:


