Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական «Կարկանդակ»-էն Մեծագոյն Մասնիկը Ձեռք Ձգելու Միտումով. Սահմանադրական Ժամկէտներու Կիզակէտը Կազմող Ընտրական Օրէնքին Գծով Թեր Ու Դէմ Կեցուածքները Կը Շարունակուին

February 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան կէս դարէ ի վեր երկրի սահմանադրական, խորհրդարանական հայեցակարգը վճռող 1960-ի օրէնքին գծով (որ վերջին տարիներուն փոխարինուեցաւ Տոհայի օրէնքով) կեցուածքները կը շարունակուին երկրի քաղաքական կողմերու ղեկավարներուն կողմէ, որոնք կ՛ուզեն մեծագոյն «մասնիկը» ապահովել ընտրական «Կարկանդակ»-էն, որուն «հատում»-ը պիտի վճռուի այս օրերուն:

Այս ծիրին մէջ, սեղանի վրայ դրուած են ընտրական խառն, համամասնական թէ այլ տարբերակներ, ինչպէս` նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպելի առաջադրած ընտրական օրէնքները:

Խորհրդարանին մէջ արդար ներկայացուցչութեան պիտակին տակ իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ վճռել ընտրական այն օրէնքը, որ իր հետեւորդներէն առաւելագոյն անդամներ (երեսփոխաններ) կ՛ապահովէ առաջադրուող նորակազմ խորհրդարանին մէջ:

Այս իմաստով դրսեւորուած նորագոյն կեցուածքներու ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարներէն երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մերժեց այսպէս կոչուած թեքնիք երկարաձգումի ընտրանքը, «բացի եթէ անիկա կ՛արդարանայ ընտրական նոր օրէնքով, որ որոշ պատրաստութեան կը կարօտի»:

Պատկերասփռուած իր այս յայտարարութեան կողքին, Քանաան քուլիսային աշխուժ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ այս հարցին առնչակից կողմերուն հետ:

Ըստ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, Քանաան դռնփակ հանդիպում մը ունեցած է նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի հետ` խորհրդակցելով «քրիստոնեայ ներկայացուցչութիւնը սրբագրող կարգ մը օրէնքներու շուրջ, որոնք հեռու չեն խառն օրէնքէն»:

Միւս կողմէ, Քանաան հաւանական նկատեց, որ նախագահ Աուն երկխօսութեան սեղանի հրաւիրէ պատկան կողմերը` այս հարցը վճռելու համար:

Միւս կողմէ, օրէնսգէտ Անթուան Սֆէյր պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ եթէ նախագահը չստորագրէ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի կողմէ ընտրական խորհուրդներուն ուղղուած կոչը, ասիկա կը նշանակէ, որ ընտրութեանց կայացման հրաւէր չկայ եւ այդ պարագային ո՛չ սահմանադրական, ո՛չ ալ Ազգային ուխտի հիմնաւորումներով կարելի է ընտրութիւն կայացնել առանց նախագահի հաւանութեան:

 

Նախորդը

Նախագահելով Քաղաքապետութեանց Բ. Համագումարին` Պասիլ. «Չկայ Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Մէջ Դատարկութիւն, Եւ Միակ Այլընտրանքը Ընտրական Նոր Օրէնքի Վճռումն Է»

Յաջորդը

Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրապայքարը Մինչեւ Միջերկրականի Ափերը Տարածելով` Հիմնական Թեկնածուներէն Մարին Լը Փեն Հասաւ Պէյրութ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.